​Ցաւալի Դէպք Պաղլարպաշըի Սուրբ Կարապետ Գերեզմանատունէն Ներս - Հայերէն
14 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Վանատուր / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

09 Temmuz 2026  

​Ցաւալի Դէպք Պաղլարպաշըի Սուրբ Կարապետ Գերեզմանատունէն Ներս -

​Ցաւալի Դէպք Պաղլարպաշըի Սուրբ Կարապետ Գերեզմանատունէն Ներս ​Ցաւալի Դէպք Պաղլարպաշըի Սուրբ Կարապետ Գերեզմանատունէն Ներս

Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ցաւով տեղեկացուցած է, թէ 7-8 Յուլիսի գիշերուան ժամերուն անձ մը գերեզմանատան որմերէն ներս մուտք գործելով 6 դամբարանի եւ աղբիւրի մը վնասներ հասցուցած է։ Դէպքը խորապէս վիրաւորած է համայնքի անդամները, ի մասնաւորի զանոնք որոնց սիրելիներոնւն դամբարանները կը գտնուին սոյն գերազմանատան մէջ։

Թաղային Խորհուրդը անմիջապէս դիմած է ապահովութեան պատկան իշխանութեան, որոնք ընդփոյթ ձեռնարկած են օրինական բծախնդիր հետապնդման գործունէութեան, յանձաւորին ինքնութիւնը ճշդելու եւ արդարութեան յանձնելու համար։ Պատրիարքական Աթոռը կը դատապարտէ մեր համայնքի սրբազան արժէքներուն եւ յաւիտենական հանգստավայրերուն դէմ գործուած այս եպերելի յարձակումը։

Այսու մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք ապահովութեան պաշտօնատարներուն որոնք դէպքը լուսաբանելու նպատակով իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն խղճմտութեամբ եւ մեծ զգայնութեամբ։ Կը յուսանք, որ յանցաւորը կը յանձնուի արդարութեան։
Պատրիարքական Աթոռը մօտէն կը հետեւի դէպքին վերաբերեալ բոլոր զարգացումներուն։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ






Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+