Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

20 Haziran 2026  

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ -

Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանս այս գիշեր Զուիցերիա պիտի չմեկնի` Իրանի հետ գումակային բանակցութիւններու ծրագիրներու չամբողջանալուն պատճառով»:

«Գումակային բանակցութիւններու կէտերը բարդ են, եւ անհամբեր կը սպասենք կարելի եղածին չափ շուտ թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան բանբերը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը ամբողջովին պատրաստ է առաջին իսկ առիթով մեկնելու` թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու համար»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը հինգշաբթի գիշեր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանեան պատուիրակութիւնը առկախեց Զուիցերիա իր ճամբորդութիւնը` հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման պատճառով»:

«Թեհրան նախապէս ամերիկեան կողմին ու միջնորդներուն յայտնած էր, որ Լիբանանի թղթածրարը իրեն համար բանակցութիւններուն կայացման, շարունակման կամ դադրեցման համար հիմնական նշանակութիւն ունի», աւելցուց աղբիւրը:

«Թեհրան զգուշացուց, որ լիբանանեան հողերէն 10 քիլոմեթր ներս իսրայէլեան գործողութիւններու եւ յարձակումներու շարունակութիւնը փոխըմբռնման յուշագիրի առաջին կէտին ու շրջագծային համաձայնութեան բացայայտ խախտում է», նշեց աղբիւրը:

Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Ուրբաթ օր, Պիւրկենսթոքի մէջ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի չունենան»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաքտար աւելի ուշ յայտնեց, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններու չկայացման պատճառը իրանցի պաշտօնատարներու իսլամական օրացոյցի մուհարրամ ամսուան կրօնական արարողութիւններով զբաղուած ըլլալն է` շեշտելով, որ անոնց մեկնարկման որեւէ արգելք չկայ:

Փաքիստանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ բանակցութիւնները պէտք է շարունակել 60 օր տեւողութեամբ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կրնան քանի մը օր ետք սկսիլ»:

Լիբանանի խորհրդարանի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Իրան Հըզպալլային յայտնեց, որ Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները չեն կրնար շարունակուիլ, առանց համապարփակ զինադադարի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն ուղղակի պատասխանատուութիւնը կը կրեն»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+