Ելեւմուտքի Նախարարութեան Հաստատած Պատժամիջոցներէն Ետք. Ուաշինկթըն. «Հըզպալլան Լիբանանի Առողջացման - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

20 Haziran 2026  

Ելեւմուտքի Նախարարութեան Հաստատած Պատժամիջոցներէն Ետք. Ուաշինկթըն. «Հըզպալլան Լիբանանի Առողջացման -

Ելեւմուտքի Նախարարութեան  Հաստատած Պատժամիջոցներէն Ետք.  Ուաշինկթըն. «Հըզպալլան Լիբանանի Առողջացման Ելեւմուտքի Նախարարութեան Հաստատած Պատժամիջոցներէն Ետք. Ուաշինկթըն. «Հըզպալլան Լիբանանի Առողջացման Մեծագոյն Խոչընդոտն Է, Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Գործունէութիւնը Զուգահեռ Իշխանութեան Համակարգը Կ՛ամրապնդէ»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի առնչուած եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն ներառող պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց. «Պատժամիջոցներ հաստատեցինք Հըզպալլայի դաշնակից լիբանանցի պաշտօնատարներու վրայ` պետութեան իշխանութիւնը կանոնաւոր կերպով սահմանափակելնուն համար»:

«Հըզպալլայի դաշնակիցներուն գործունէութիւնը կ՛ամրապնդէ համակարգը զուգահեռ իշխանութեան, որ Լիբանանը տկար եւ պառակտուած կը պահէ», նշեց նախարարութիւնը:

«Հըզպալլան Լիբանանի առողջացման մեծագոյն խոչընդոտն է եւ պետութիւնը մնայուն հակամարտութեան պատանդ կը պահէ», ըսաւ նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման երաշխաւորման համար Հըզպալլան պէտք է զինաթափուի»:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ նոր պատժամիջոցներ կը հաստատէ «Հըզպալլայի դաշնակից պաշտօնատարներու, կուսակցութեան առնչուած գործարքներու, ինչպէս նաեւ ելեւմտական ցանցին մաս կազմող անհատներու եւ ընկերութիւններու դէմ, կուսակցութեան Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս օգտագործած ելեւմտական կառոյցին վրայ ճնշումը բարձրացնելու նպատակով»:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատժամիջոցները կը ներառեն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթին` զանոնք ամբաստանելով «լիբանանեան քաղաքական ու ապահովական հաստատութիւններուն մէջ կուսակցութեան ազդեցութեան ամրապնդման նպաստելու յանցանքով»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+