Եւրոպական Միութեան Պետութիւնները Համաձայնած Են Բանալ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Անդամակցութեան Բանակցու -
Եւրոպական Միութեան Պետութիւնները Համաձայնած Են Բանալ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Առաջին Փուլը
Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները համաձայնած են բանալու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու առաջին փուլը: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն:
«Երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք առաջին միջկառավարական խորհրդաժողովին մենք պիտի բանանք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի հիմք եղող հիմնարար սկզբունքներուն նուիրուած պլոքը: Ասիկա կը ներառէ Եւրոպական Միութեան կառուցուած հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները` օրէնքի գերակայութենէն մինչեւ ուժեղ ժողովրդավարական հաստատութիւններ: Ասիկա կը ճանչնայ երկու երկիրներու կողմէ բարեփոխումներու յառաջխաղացման գործին մէջ ցուցաբերուած վճռականութիւնը, քաջութիւնը եւ քրտնաջան աշխատանքը` հակառակ հսկայական մարտահրաւէրներուն: Եւ ասիկա ազդանշան է, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ կարելիութիւններու առաջարկը անգերազանցելի է:
«Ընդլայնումը ռազմավարական ընտրութիւն է: Մեր երկիրները միաւորելով` մենք կ՛ամրապնդենք մեր ցամաքամասին վրայ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ բարգաւաճումը: Աճող անորոշութեամբ բնութագրուող աշխարհի վրայ Եւրոպական Միութեան ընդլայնումը մեր հասարակաց շահերէն կը բխի:
«Ընդլայնումը կը մնայ Եւրոպական Միութեան ամէնէն յաջող նախագիծերէն մէկը, եւ մեր հասարակաց ապագայի լաւագոյն ներդրումը», նշած է ան:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com