Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր Պատգամը 24 Ապրիլի Յիշատակութեան Առթիւ - Հայերէն
25 Nisan 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

24 Nisan 2026  

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր Պատգամը 24 Ապրիլի Յիշատակութեան Առթիւ -

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր Պատգամը 24 Ապրիլի Յիշատակութեան Առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր Պատգամը 24 Ապրիլի Յիշատակութեան Առթիւ

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,

Այսօր դարձեալ 24 Ապրիլ է. օր մը, որ մեզ կը հրաւիրէ խոնարհումով կանգնելու մեր պատմութեան ամենէն ցաւալի էջերէն մէկուն առջեւ։ Այս օրը մեզ կը վերադարձնէ դար մը առաջ ապրուած ողբերգութեան յիշատակին, որ խոր հետք ձգած է մեր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։
Մենք կը յիշենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն մեր ժողովուրդի կրած կորուստները, տեղահանութիւնը, տարագրութիւնը եւ այն անչափելի ցաւը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է։ Բայց այս յիշատակումը միայն անցեալի մռայլ էջերուն մէջ փակուելու համար չէ։ Այս յիշատակումը նաեւ կոչ մըն է՝ իմաստաւորելու մեր ապրածը եւ ուղղուելու դէպի ապագայ։
Այս հողերուն վրայ, ուր դարեր շարունակ տարբեր ժողովուրդներ կողք կողքի ապրած են, խաղաղ համակեցութեան աւանդը ծանր հարուած ստացած է այդ տարիներուն։ Սակայն նոյն այս աշխարհագրութիւնը մեզ կը յիշեցնէ նաեւ անխուսափելի ճշմարտութիւն մը՝ որ ժողովուրդները դատապարտուած չեն յաւերժ հակադրութեան, այլ կոչուած են համակեցութեան, երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման։
Պէտք է ընդունինք, թէ այս հողերուն տակ թաղուած են ոչ միայն մեր ցաւերը, այլ նաեւ ուրիշներու վէրքերը։ Միայն մեր պատմութիւնը պատմելով չէ, որ կը գտնենք ճշմարիտ հանգուցալուծում։ Պարտաւոր ենք նաեւ լսել ուրիշներուն, ըմբռնել անոնց ապրումները եւ փորձել գտնել այն ընդհանուր եզրերը, որոնք կրնան հիմք ծառայել ապագայի համար։
Այս իմաստով, մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը՝ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ բարեկամութեան հաստատման համար։ Անցեալի ողբերգութիւնը պէտք չ է դառնայ մշտական բաժանարար պատ, այլ՝ ծանր, բայց ուսանելի մէկ փորձառութիւն, որմէ կարելի է քաղել դասեր՝ ապագան աւելի արդար եւ խաղաղ կերտելու համար։
Ոչ ուրացումը, ոչ ալ թշնամանքը կրնան բուժել վէրքերը։ Նոյնպէս քաղաքական շահարկումները չեն ծառայեր ժողովուրդներու մերձեցման։ Ճշմարիտ յառաջընթացը կը ծնանի անկեղծութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մարդասիրական արժէքներու վրայ հիմնուած երկխօսութենէն։
Ուստի կը հրաւիրենք բոլոր կողմերը՝ զարգացնելու բարեկամական կամուրջներ, խրախուսելու մշակութային եւ տնտեսական համագործակցութիւն, եւ ստեղծելու այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր պատմութիւնը կարելի ըլլայ քննարկել առանց վախի եւ թշնամանքի, այլ՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձգտումով։
Մենք կը գնահատենք այն բոլոր քայլերը, որոնք անցեալին եւ ներկայիս ուղղուած են փոխադարձ զգայնութեան եւ մերձեցման։ Այս ծիրին մէջ արժանի է յիշատակութեան նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Տիար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլի առիթով հրապարակուած պատգամները, որոնք ուղղուած են նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքռրթեան եւ մեր համայնքին։ Անոնց մէջ արտայայտուած ցաւակցական մօտեցումը եւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ կեանքը կորսնցուցած մեր ժողովուրդի զաւակներու յիշատակին նկատմամբ յարգանքը, ըստ մեզի, կարեւոր քայլեր են՝ փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտի ձեւաւորման ճամբուն վրայ։
Մենք կ՚արժեւորենք այս պատգամները որպէս մարդկային խղճի ձայնի արտայայտութիւն եւ որպէս այնպիսի ժեստեր, որոնք կրնան նպաստել ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան աստիճանական վերականգնումին։ Նման մօտեցումները կը յիշեցնեն մեզի, թէ նոյնիսկ ամենածանր պատմական բեռերու պարագային, կարելի է ընտրել փոխադարձ յարգանքի եւ հաղորդակցութեան ուղին։
Այսօր, որպէս սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան օր, մենք կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան։ Անոնք իրենց կեանքով եւ նահատակութեամբ դարձած են ոչ միայն մեր յիշողութեան մասը, այլ նաեւ մեր հաւատքի կենդանի վկաները։ Անոնք մեզ կը հրաւիրեն չմնալ անցեալի խաւարին մէջ, այլ՝ ապրիլ յոյսով եւ կառուցել ապագան։
Ինչպէս կը վկայէ մարգարէական խօսքը. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ» (Եսայի 43.19)։ Այս նորութիւնը պէտք է փնտռենք մեր սրտերուն մէջ՝ վերափոխելով մեր մտածումները եւ վերաբերմունքը։
Սիրելիներ,
Թող այս օրուան յիշատակումը դառնայ ոչ միայն սուգի, այլ նաեւ վերանորոգման առիթ։ Թող Աստուած իր ողորմութեամբ դպչի մեր եւ մեր դրացիներուն սրտերուն, որպէսզի կարողանանք անցնիլ անցեալի ծանր ստուերներուն վրայէն եւ կառուցել արդարութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած ապագայ։
Թող Ամենակալ Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի եւ մեր բոլոր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ, օրհնէ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդները, առաջնորդէ զանոնք դէպի հաշտութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն, եւ աշխարհէն հեռացնէ պատերազմներն ու ատելութիւնը։
Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները թող բնակին մեր մէջ եւ ամբողջ մարդկութեան վրայ՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։






Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+