​Շնորհանդէս «մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքի - Հայերէն
24 Nisan 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

16 Nisan 2026  

​Շնորհանդէս «մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքի -

​Շնորհանդէս «մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքի ​Շնորհանդէս «մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքի

Նորատիպ «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 15 Ապրիլ 2026, Չորեքշաբթի երեկոյ, Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, հիւրընկալութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերպ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառի, մասնակցութեամբ՝ Վերպ. Գրիգոր Աղապալօղլուի եւ նախաձեռնութեամբ՝ Թուրքիոյ Ս. Գրոց Ընկերութեան։

Ներկայ էին Միջեկեղեցական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Մխիթարեան Միաբանութենէն Գերպ. Տ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Թուրքիոյ բաժնի տնօրէն Թամար Քարասու Մայօղլու, համայնքային վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ ու Հայ մամուլի խմբագիրներ։

Գլխաւոր հիւրն էր Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան։

Շնորհանդէսը սկսաւ «Գովեա Երուսաղէմ, Յարեաւ Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ։ Հանդիսավարն էր Հերա Իսքէնտէրօղլու։ Բացման խօսքը արտասանեց՝ Գերպ. Տ. Յակոբոս Ծ. Վարդապետ, որմէ յետոյ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գերապայծառը։

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ մատղաշ սերունդը Աստուածաշունչի հաղորդ դարձնելու կարեւորութեան եւ այս առումով տեղեկութիւններ փոխանցեց «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» գիրքի պատրաստական աշխատանքներու մասին եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ գիրքը իր տեղը պիտի գտնէր նաեւ մերազն աշակերտներու մօտ եւ անոնք առիթը պիտի ունենային Աստուծոյ Խօսքին հաղորդ դառնալու գիրքի դիւրահաղորդ բովանդակութեան միջոցաւ։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու։

Արժ. Տ. Նարեկ Քահանան անդրադարձաւ մանուկները դէպի Աստուծոյ Խօսքը առաջնորդելու կարեւորութեան եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնով ընծայուած հոգեւոր գրականութեան օգտաշատ ներդրումին։

Հուսկ Բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն գիրքը հրատարակուած տեսնելով։ Կարեւորեց Աստուծոյ Խօսքը տարածելու, մանաւանդ մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու անմիջական շրջանակներէն ներս։ Շեշտեց որ կարեւորութիւն պէտք է ընծայել անոնց ծնողներուն, քանի որ անոնք պիտի ըլլան իրենց զաւակներուն առաջնորդները։

Հանդիսութեան աւարտին Կարտինալ Աղաճանեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ թէյասեղան, որուն ընթացքին հոգեւորականներ առիթը ունեցան զրուցելու Տքթ. Ճէպէճեանի հետ։ Հիւրեր եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Տքթ. Ճէպէճեանի որ առիթը ունեցաւ մակագրելու գիրքէն օրինակներ։








Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+