​Գալիֆորնիոյ Նահանգապետ Նիւզըմ Եւ Տօքթ. Մեհմէտ Էօզ Դէմ Յանդիման՝ Հայերու Հարցով - Հայերէն
07 Şubat 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մեհեկան / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

02 Şubat 2026  

​Գալիֆորնիոյ Նահանգապետ Նիւզըմ Եւ Տօքթ. Մեհմէտ Էօզ Դէմ Յանդիման՝ Հայերու Հարցով -

​Գալիֆորնիոյ Նահանգապետ Նիւզըմ Եւ Տօքթ. Մեհմէտ Էօզ Դէմ Յանդիման՝ Հայերու Հարցով ​Գալիֆորնիոյ Նահանգապետ Նիւզըմ Եւ Տօքթ. Մեհմէտ Էօզ Դէմ Յանդիման՝ Հայերու Հարցով

Երէկուան մեր թիւով արձագանգ հանդիսացած էինք ամերիկահայ աղբիւրներու լրատուութեանց։ Թերթերը կը գրէին որ տեղւոյն հայ համայնքը առճակատման մէջ կը գտնուի «Մետիքեր» եւ «Մետիքէյտ» ապահովագրական ծառայութիւններու կեդրոններու վարիչ, թուրք ծագումով հանրայայտ բժիշկ Մեհմէտ Էօզի հետ։ Խնդիրը այն է որ վերջերս Տօքթ. Մեհմետ Էօզ ունեցած է հրապարակային յայտարարութիւններ, Լոս Անճէլըսի մէջ ենթադրեալ առողջապահական զեղծարարութիւնները կապելով «օտար ազդեցութիւններ»ու հետ։ Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս թիրախաւորած է «ռուսահայ հրոսակախումբեր»ը, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւնները կապեց հայկական ինքնութեան, հայերէնի եւ համայնքային ներկայութեան՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ յանցագործութեան ցուցանիշներ։

Այս առճակատման միացաւ Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Քէվըն Նիւզըմ։ Անոր գրասենեակը «քաղաքացիական իրաւունքներու հարցով» բողոք ներկայացուց եւ պահանջեց որ հետաքննութիւն բացուի Տօքթ. Էօզի դէմ, որ անհիմն ու ցեղապաշտպական մեղադրանքներ ուղղած է Գալիֆորնիաբնակ հայերու դէմ։ Նամակին մէջ կը նշուի հետեւեալը.

«27 Յունուարին, Ամերիկայի պետական «Մետիքեր» եւ «Մետիքեյթ» առողջապահական ծրագիրներու ծառայութեան տնօրէն Մեհմէտ Էօզ, ընկերային հարթակներու վրայ զետեղած է տեսանիւթ մը, հնչեցնելով անհիմն ու ցեղապաշտ մեղադրանքներ, ուղղեալ Լոս Անճէլըսի հայ համայնքի դէմ։

«27 Յունուարին, Ամերիկայի մէջ ծնած, բայց նաեւ թրքահպատակ պաշտօնեան, իր տեսանիւթի մէջ խօսած է հայերու եւ ռուսերու կողմէ իրականացած բժշկական խարդախութիւններու մասին։ Լոս Անճէլըսի մէջ միլիառներու հասնող առողջապահական ապօրինութիւններու համար ան մեղադրած է հայ-ռուսական մաֆիան»։ Տեսանիւթի մը մէջ ան ցոյց տուած է հայկական փոքր պիզնըսներու պատկանող շէնքեր, մասնաւորաբար հացի ու խմորեղէնի արտադրամասեր, որոնք ներկայացուած են որպէս կեղծ բժշկական կեդրոններ։

Նիւզըմի գրասենեակը բողոքը ներկայացուց Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի անունով։ Ան պահանջեց հետաքննութիւն իրականացնել եւ միջոցներ ձեռք առնել մարդու իրաւունքներու 1964ի յուշագրի լոյսին տակ։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+