Ֆութպոլի Մարզիչ Արտէն Կէօվէր Նոր Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց -
Ֆութպոլի Մարզիչ Արտէն Կէօվէր Նոր Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց
Ֆութպոլի մարզիչ Արտէն Կէօվէր անցեալ մրցաշրջանին կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրած էր մինչեւ 15 տարեկաններու դասաւորման մրցաշարքին մէջ։ Ան կը մարզէր Վալիտէ Թայֆուն մարզական ակումբի պատանիներու խումբը, որ 2024-2025 ախոյեան հռչակուած էր, բացի ատկէ որպէս օգնական մարզիչ աշխատած էր ակումբի գլխաւոր խումբէն ներս։
Հայ մարզիչի յաջողութիւնները աննկատ չմնացին կարեւոր մարզական ակումբներու վարիչներու աչքերէն։ «Քասըմփաշա» մարզական ակումբը համաձայնագիր ստորագրեց հայ մարզիչին հետ, նոր յաջողութիւններու եւ ձեռքբերումներու ճամբայ բանալով Արտէն Կէօվէրի մարզչական ասպարէզէն ներս։
Յիշեցնենք Արտէն Կէօվէր եղած է Գալֆաեան եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սան։ Յետոյ վկայուած է մարզանքի ակադեմիայէն, իսկ այս տարի սկսած է պաշտօնավարել նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ՝ որպէս մարզանքի ուսուցիչ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com