Ռոպէր Հատտէճեան-1002026-01-27 Յիշատակներով, Մայրենիով Ու Հոգեւոր Ներկայութեամբ Թաթխուած Գիշեր Մը՝ Էս - Հայերէն
07 Şubat 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մեհեկան / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

28 Ocak 2026  

Ռոպէր Հատտէճեան-1002026-01-27 Յիշատակներով, Մայրենիով Ու Հոգեւոր Ներկայութեամբ Թաթխուած Գիշեր Մը՝ Էս -

Ռոպէր Հատտէճեան-1002026-01-27 Յիշատակներով, Մայրենիով Ու Հոգեւոր Ներկայութեամբ Թաթխուած Գիշեր Մը՝ Էս Ռոպէր Հատտէճեան-1002026-01-27 Յիշատակներով, Մայրենիով Ու Հոգեւոր Ներկայութեամբ Թաթխուած Գիշեր Մը՝ Էսաեան Սանուց Միութեան Երդիքին Տակ

«Ռոպէր Հատտէճեան-100»։ Ա՛յս կարգախօսը կը կրէր գրական-գեղարուեստական միջոցառումը, որ սարքուեցաւ Էսաեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ իրականացաւ Պոլսահայ գրականութեան նահապետ, թերթիս երկարամեայ աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան դարադարձի առթիւ։ Երեկոյթ, որ կոչուած էր չըլլալու միայն յուշատօն մը, այլ հոգեւոր հանդիպում՝ օրուան մեծարեալի բարոյական ներկայութեան հետ։

Այլեւս վարժուած ենք որ եթէ մեծաշռինդ «արարողակարգ» մը չ’որդեգրուիր կազմակերպիչներուն կողմէ, ընդհանրապէս սրահին մէջ «մենք… մեզի» կ’ըլլանք, այն փոքրիկ կորիզով, այն մարդոցմով, որոնց համար հայերէնով միջոցառումները պարզ ժամանց մը չեն, այլ թանկագին պահեր՝ ինքնութեան հետ վերամիանալու, հայերէնը իր ամբողջ արժանապատուութեամբ՝ իբրեւ մշակոյթ, իբրեւ յիշողութիւն, իբրեւ ապագայի յոյս ապրեցնելու տեսակէտէ։ Ուրեմն, հոգեպէս բաւարարուած էինք հարազատ դէմքերը տեսնելով եւ «ընտանիք»ով մեր խմբագրապետի յիշատակը ոգեկոչելու համար։

Դարադարձի օր էր։ Ամէն ինչ պատշաճօրէն կազմակերպուած էր ցոլացնելով օրուան խորհուրդը։ Սրահին մէջ յատուկ անկիւն մը պատրաստուած էր Ռ. Հատտէճեանի գիրքերուն համար։ Բեմին վրայ իր մեծադիր դիմանկարն էր, բեմին վարի մասն ալ կը զարդարէին «Յուշատետր»երու կամ միւս հատորներու կողքերը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Արամ Սրբազան, Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Յարութիւն Վարդապետը, Գէորգ, Կորիւն, Սարգիս Աւ. Քահանաներ, Նարեկ Քահանան, Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վարդապետը, ազգային բարերարուհի եւ Հատտէճեան ընտանիքի մտերիմ բարեկամուհի՝ Մօնիք Երկանեան եկած էին բաժնեկից ըլլալու յարգանքի եւ յիշատակի այս հանդիսութեան որ տեւեց շուրջ երեք ժամ, իրարու կամրջելով խօսքը, երաժշտութիւնն ու ասմունքը։

Երեկոյթի հանդիսավարն էր Էսաեան Սանուց Միութաեն վարչութեան Ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Ան ողջունեց ներկաները, ամփոփ տողերով տեղեկութիւններ փոխանցեց Ռ. Հատտէճեանի կենսագրական գիծերու եւ վաստակի մասին, ապա գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։

Մուտքը կատարուեցաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ։ Տողանցեցին Ռ. Հատտէճեանի լուսանկարները մանկութենէն մինչեւ ստեղծագործական կեանքի գագաթային պահեր, պարգեւատրումներ, Մարմարա-ի երդիքին տակ ակնթարթներ, որոնք ահաւասիկ անմահացած էին լուսանկարներուն շնորհիւ։ Յետոյ… յետոյ Ռ. Հատտէճեանի ձայնն ու ներկայութիւնը, երբ որպէս բանախօս հրաւիրուած էր արտայայտուելու Ուսուցչաց Հիմնարկի 50ամեակի ծիրէն ներս Եդուարդ Գովանի նորատիպ գիրքին առիթով։ Յուզիչ պահեր էին…։

Յաջորդեցին ելոյթները։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Պէյրութի «Ծաղիկ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, հրապարակախօս Յակոբ Տիւնեայեան, որ «մտերմիկ զրոյց»ով մը բերանացի խօսեցաւ, ուշագրաւ մէջբերումներ կատարելով Ռ. Հատտէճեանի հետ ունեցած հանդիպումներէն եւ հարցազրոյցներէն «ամբարուած» յիշողութիւններու ընդմէջէն։ Անդրադարձաւ նաեւ գրական այն ամուր եղբայրութեան, որով Պոլսահայ նորարար գրականութիւնը կերտած էին Ռ. Հատտէճեան եւ իր գրչեղբայրները՝ Զարեհ Խրախունի, Վարդ Շիկահեր, Արամ Գամպուրեան, Իգնա Սարըասլան եւ Զահրատ։ Յիշեցուց որ սովորական հանդիպումներ չեն եղած Ռ. Հատտէճեանի հետ մէկտեղումները, այլ վաւերական պատումներ՝ ապագայի համար։ Խօսեցաւ Հատտէճեան մարդու, գրչեղբօր, խմբագիր, հրապարակախօսի մասին, վերհանելով յատկանիշներ, որոնք կը բանաձեւեն «լաւ անհատ»ի մը տեսակը։ Ելոյթի վերջաւորութեան մաղթանքներ ունեցաւ եւ յոյս յայտնեց որ Ռ. Հատտէճենի անունը նշանակալից նախաձեռնութեամբ մը կ’անմահանայ հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ, որպէս դպրոց կամ կրթական հաստատութիւն (ելոյթը իր ամբողջական պատճէնով պիտի հրատարակենք Հինգշաբթիի թիւին մէջ)։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ բեմ ելան մեզի համար սիրելի անուններ։ Դաշնակահարուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան իր ուսերուն վրայ առած էր երգերուն նուագակցութիւնը։ Ան նախ հանդէս եկաւ անջատաբար, իրերայաջորդ կերպով մեկնաբանելով Եդուարդ Միրզոյեանէն երեք յօրինումները՝ «Տխուր վալս», «Առաւօտ» եւ «Շուշանիկ», որոնք հաւանաբար առաջին անգամ կը հրամցուէին պոլսահայ մշակութասէրներուն։ Միւս երկու արուեստագէտներն էին Վարդանանց երգչախումբի մենակատարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Լուսաւորիչ երգչախումբի մենակատար Սէրճան Կազէրօղլու։ Քանի՜ քանի անգամներ թերթիս էջերուն վրայ «Ռ. Հ.» ստորագրութեամբ տողեր հրատարակուած էին երեքի մասին ալ, իսկ երէկ, անո՛նք է որ իրենց երախտիքի տուրքը կը մատուցանէին իրենց արուեստով, իրենց երգեցողութեամբ։ Սէրճանի թաւ ձայնով ունկնդրեցինք Արա Պարթեւեանի «Ոսկէ ջութակ»ն ու Տիգրան Չուխաճեանի «Լեպլէպիճի խոր խոր աղա»էն արիա մը։ Ուրախացանք զինքը տեսնելով բեմին վրայ։ Գալով սիրելի Լիւսիին, ան Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ով եւ Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն «Ասում են ուռին» արիայով մասնակցութիւն բերաւ յայտագրին, սրտախօսիկ հնչիւններով պարուրեց մեր հոգին։

Արտասանուեցան ուղերձներ։ Տիկին Տրամէրեան կարդաց կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Վարդան Թ. .Ծ Վրդ. Գազանճեանի, Հայաստանէն՝ պատմական գիտութիւններու Դոկտ. Յասմիկ Ստեփանեանի եւ «Լոյս մետիա»ի սեփականատէր, Հանրապետութեան Նախագահին առընթեր մշակութային պետական յանձնախումբի անդամ Արամ Գուրանի շնորհաւորական նամակները, թերթիս նախկին փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի եւ դա՛րձեալ Հայաստանէն «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնադիր Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի եւ նոյն կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեանի ուղերձները կարդացուեցան Գարէն Թէրզեանի ու Նաիրա Սիւզմէի կողմէ։ Դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլու հոյակապ ընթերցանութեամբ մը մատոյց բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի կողմէ 1987ին հրատարակուած գրութիւնը ձօնուած իր աւագ գրչեղբօր՝ Ռ. Հատտէճեանին եւ շա՜տ յարմար օրուան խորհուրդին։ «Հիմա երկաթուղիի գիծի մը վրայ դէպի յաւերժութիւն ճախրող շոգեկառք մը կայ…»։ Այս խօսքերով կ’եզրափակուէր գրութիւնը, վերիմաստաւորուելով որպէս պատգամ։

Իսկ ի՜նչ ըսել «Մարալ» պարախումբի այն երկու շնորհալի պարուհիներուն Լարա Սուլուօղլուին ու Ռիթա Գալտըրըին, որոնք հանդէս եկան Գայիանէ պալէէն «Ուզուն տարա» պարով։ Քանի մը տասնամեակներէ ի վեր Մարալցի զանազան մենակատարուհիներուն «մենաշնորհ» տրուած է մեկնաբանելու այս տպաւորիչ պարը։ Հիմա նորահաս այս երիտասարդուհիներն է որ համերգներու ընթացքին կը ներկայացնեն «Ուզուն տարա»ն, «Մարալ»ի այցեքարտ պարերէն մէկը։ Երէկ եւս անոնց տպաւորիչ կշռոյթներով նազանի շարժումները միաձուլուեցան ընդհանուր մթնոլորտին հետ։

Եւ վերջին ելոյթը…։ Բեմը յանձնուած էր ասմունքի իշխանուհի Սիլվա Կոմիկեանին։ Ա՛ն էր որ բանաստեղծութեան վերածեց Ռ. Հատտէճեանի արձակ գործերը, ներկայացնելով հատուածներ «Օրագրիս 15 էջերը» ու «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ» հատորներէն։ Այս անգամ ալ փայլեցաւ բեմին վրայ ասմունքելու ի վերուստ տրուած արժանիքներով, ներկաներու սիրտերը գրաւելու ազդեցիկ առոգանութեամբ եւ առանց որեւէ սայթաքում ունենալու տարիներու փորձառութեամբ։ Տպաւորուած էինք, յագեցած՝ բառերով, ձայնով, յիշողութեամբ ու մեր արժէքներով։ Բեմ ելած էին մեր թերթին հարազատ, տարիներու ընթացքին «Մարմարա»ի շունչին ու լեզուին ձայն տուած արուեստագէտներ։ Անոնց ներկայութիւնը պատահական չէր$. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բաժինը ունէր մեծ գործին մէջ, որուն անունն է հայ լեզու, հայ գիր ու հայ հոգի։ Երաժշտական, գրական եւ խօսքային ելոյթները իրարու համաձուլուեցան՝ ստեղծելով միջավայր, ուր յիշատակը չսահմանափակուեցաւ անցեալով, այլ ապրեցաւ ներկայ պահուն մէջ։

Երեկոն յիշեցուց, որ Ռոպէր Հատտէճեան միայն անուն մը չէ գրական պատմութեան մէջ, այլ ապրող ներկայութիւն, իսկական վաստակ որ չի խամրիր եւ չի սահմանափակուիր ժամանակով։

«Մարմարա»ն եւ Հատտէճեան ընտանիքը շնորհակալութեան խօսք ունէին յայտագրի կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն։ Մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանը խօսեցաւ, ընդգծելով որ այսպիսի յուզիչ ու տպաւորիչ ոգեկոչումէ մը ետք դիւրին չէ արտայայտուիլ իր հօր՝ Ռ. Հատտէճեանի մասին։ Վստահութիւն յայտնեց որ ըսելիք շատ բան պիտի ունենար իր հայրը եւ հանգիստ պիտի խօսէր իւրաքանչիւրի մասին։ «Դժբախտաբար չեմ կրցած ժառանգել իր ձիրքերը, ուստի պիտի գոհանամ շնորհակալութիւն յայտնելով Պատրիարք Հօր եւ ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն, մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն», ըսաւ Արի Հատտէճեան։

Աւարտին ծափերու տակ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան յայտագրի մասնակիցներուն։ Ապա ներս բերուեցաւ դարադարձի ծաղը, որ կտրուեցաւ մեր զոյգ տնօրէններու՝ Արի եւ Այգ Հատտէճեաններու եւ Պատրիարք Հօր ձեռամբ։

Հուսկ բանքը արտասանելով Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաները հրաւիրեց դառնալու դէպի անցեալ, դէպի Ռ. Հատտէճեանի 20րդ տարեդարձի օրը, երբ հաւանաբար հնչած էին յաջողութեան, առողջութեան, սիրոյ եւ երջանկութեան, կեանքի երկատեւութեան մաղթանքներ։ «Բոլոր այդ մաղթանքները իրականացան։ Ռ. Հատտէճեան ընդգրկեց իր սիրած ասպարէզը եւ դարձաւ հանրայայտ անուն, երկար ապրեցաւ՝ բեղուն գործունէութեամբ, սիրուեցաւ որպէս ամուսին եւ հայր, առողջ կեանք մը ունեցաւ եւ մինչեւ վերջին հինգ տարիները մնաց գործի գլուխ, երջանիկ հայր մը եղաւ լաւ դաստիարակութիւն տալով իր զաւակներուն», ըսաւ Պատրիարք Հայրը, հիմա մաղթելով որ սերունդներ Ռ. Հատտէճեանի յիշատակը ապրեցնեն ու արժեւորեն անոր մեծ վաստակը։

Միջոցառումը աւարտին հասաւ հիւրասիրութեամբ։

Սրահէն բաժնուեցանք հոգեպէս աւելի հարստացած, մեր թերթի եւ մեր մշակոյթի հանդէպ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ։

ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը երախտապարտ է Էսաեան Սանուց Միութեան, որ այս ոգեկոչումով պատուեց մեր խմբագրապետի դարադարձի յիշատակը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+