Ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան՝ Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան -
Ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան՝ Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան
Ահաւասիկ այսպիսի արտայայտութիւններով է որ երէկ, 19 Սեպտեմբերին ողողուած էր համացանցը, հաղորդելու համար որ ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան երկրորդ անգամ կը հռչակուէր աշխարհի ախոյեան։
Ողիմպիական խաղերու պրոնզեայ մետալակիր մարզիկը, որ արդէն իսկ անգամ մը (2021ին) տիրացած էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին, նաեւ չորս անգամ դարձած՝ Եւրոպայի ախոյեան, Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրէպի մէջ անգերազանցելի մնաց 77 քկ. դասաւորման մէջ։ Մի առ մի զգետնելով բոլոր հակառակորդները, ան հասաւ եզրափակիչ փուլ, ուր իր մրցակիցն էր 2024ի Փարիզի ողիմպիականներու ոսկեայ մետալակիր ճաբոնցի Նաօ Քուսաքան։
Մալխաս Ամոյեան քանի մը վայրկեանի ընթացքին հասաւ 10-1 արդիւնքով առաւելութեան, ստիպելով որ մրցավարը ժամանակէն շուտ վերջացնէ խաղը եւ յաղթանակը շնորհէ հայ մարզիկին։
Յիշեցնենք որ Մալխաս Ամոյեան 2022էն ի վեր Եւրոպայի ախոյեան է, իսկ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին առաջին անգամ արժանացած է 2021 թուականին։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com