Մխիթարեանցիներու Խաւիծի Օրը՝ Յուշերու Վերադարձ Եւ 200-Ամեակի Յոբելեան -
Մխիթարեանցիներու Խաւիծի Օրը՝ Յուշերու Վերադարձ Եւ 200-Ամեակի Յոբելեան
Անձրեւոտ օդ, սաստիկ ցուրտ, բայց 200ամեայ վարժարանի հանդէպ անխախտ սիրով ջերմացած հարիւրաւոր սիրտեր եւ ուրախութիւն։
Ահաւասիկ, այսպէ՛ս պիտի յիշատակուի 200ամեայ Մխիթարեան վարժարանի «Խաւիծի օրը»ը որ երէկ, 25 Մայիսի երեկոյեան դպրոցի հսկայ պարտէզին մէջ ժամադրավայր դարձաւ շուրջ 500 հրաւիրեալներու համար, յիշողութիւնները միաձուլեց երախտագիտութեան ու յարգանքին, ծնունդ տալով պահերու, որոնք կը դառնան պատմութեան մաս։
Տօնը՝ անձրեւի տակ, բայց ջերմ՝ սրտերուն մէջ։
Այո՛, եղանակը՝ անձրեւոտ եւ զով, չկրցաւ խանգարել ընդհանուր ոգեւորութիւնը։ Պարտէզին ընդհանուր զարդարանքը, սեղաններու բծախնդիր ձեւաւորումներէն մինչեւ լոյսերն ու ծաղիկները, կը խօսէր հանդէսի բացառիկութեան մասին։ Ամէն ինչ տարբեր էր սովորականէն։ Հանդիսութիւնը կը կրէր «200րդ տարեդարձի դրոշմը» եւ ատիկա խորին գոհունակութիւն ու պատուով լեցուն զգացում կը պատճառէր մասնակիցներուն։
Մթնոլորտը ամբողջացուց երգիչ Մարթէն Եորկանցի ներկայութիւնը։ «Կեցցէ Մխիթարեանը, կեցցեն մխիթարեանցիները»՝ հնչեց միաձայն, վերաթարմացնելով տարեգրութիւն մը եւ հաստատութեան մը արժէքները։
Հաւաքոյթէն առաջ Անարատ Յղութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, Գերապայծառ Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի նախագահութեան ներքեւ։ Պատարագը վերածուեցաւ հոգեւոր ուխտի մը՝ դէպի անցեալը, ներկան եւ յարատեւութեան խոստումը։
Ներկաները այցելեցին վարժարանի ներքին սրահներն ու դասարանները, զրուցեցին հին ընկերներու հետ, զգացին պատերուն վրայ արձանագրուած իրենց անցեալի պատառիկները։
Վարժարանի պարտէզին մէջ ճաշկերոյթի սեղանները՝ լոյսերով, ծաղիկներով ու բծախնդիր գեղեցկութեամբ զարդարուած, փոխանցեցին հանդիսութեան տօնական շունչը։ Շքեղ բեմ մը պատրաստուած էր, ուր 200-ամեակը կը յիշեցուէր իւրայատուկ զարդարանքներով։
Ամէն ինչ տարբեր էր սովորականէն։ Յայտնապէս 200րդ տարեդարձի դրոշմը կար ամէն տեղ՝ մթնոլորտի, խօսքերու, ժպիտներու եւ յուզումնալից պահերու մէջ, եւ ատիկա գոհունակութիւն կը պատճառէր կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն։ Այսինքն տօնը ունէր բացառիկ ջերմութիւն, պատուով ապրուած անցեալի գնահատանք։ Ներկաները սրտանց երգեցին, ծափահարեցին ու հին օրերը յիշեցին կարգախօսով՝ «Կեցցէ՛ Մխիթարեանը, կեցցե՛ն մխիթարեանցիները»։
Հաւաքոյթի կարգադիր յանձնախումբը, ամիսներ շարունակ մանրակրկիտ պատրաստութիւններ կատարած էր՝ յաջողութեան երաշխիք դառնալով։
Յանկարծ անձրեւ չտեղայ ու հաւաքոյթի համ ու հոտը չփախի։ Ա՛յս էր բոլորի մաղթանքը, երբ տեղ կը գրաւէին կլոր սեղաններու շուրջ ու կը սպասէին յայտագրին։
Վարժարանի քարտուղարուհի Նորա Ասլանեանն էր խօսնակը, միաժամանակ 25ամեակի յոբելեար դասարանի ներկայացուցիչ մը։
Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւորը՝ Վարդան Գերապայծառ, նախկին վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մատակարար Մարմնի Ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք ու ընկերները, Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր Աւ. Քահանայ ու Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գերյարգելի Հայրեր՝ Յակովբոս Չօփուրեան ու Աբրահամ Ֆըրաթեան, հայ երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Մխիթարեանէ շրջանաւարտ, այս դարաւոր վարժարանի կրթական աւիշով սնած համայնքային գործիչներ, հո՛ն էին ուրախութեան բաժնեկից ըլլալու համար։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 200ամեակի կարգադիր յանձնախումբի ու Սանուց Միութեան Ատենապետ Արսէն Գովան, ան անդրադարձաւ իրենց ծրագիրներուն, ողջունեց ներկաները, աւետեց որ 200ամեակի գործունէութիւնները պիտի շարունակուէին ու էջեր պիտի լեցնէին պատմութեան համար։
Ներկայանալի էր ելոյթներու շարքը որ բացուեցաւ թերթիս աւագ խմբագրապետ, Մխիթարեանի երիցագոյն շրջանաւարտ Ռ. Հատտէճեանի սրտի խօսքով, ձայնագրութեամբ, սփռուած պարտէզին մէջ։ Յաջորդեցին Տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի, Փարիզէն հիւրաբար ժամանած Ալեքս Ալթընօղլուի, Մատակարար Մարմնի փոխատենապետուհի, Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրօղլուի, Ատենապետ Ռաֆայէլ-Ժոզէֆ Ալիքի, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիոյ պատուակալ անդամ Յակոբ Այնթապլեանի, Հայր Յակովբոսի, Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի, նախկին շրջանաւարտներէն Ռազմիկ Մէզիրճեանի, Տօքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, Տարօն Էրմէնի, Լիոնէն Լեւոն Արսէնեանի (այս վերջինը ներկայ չէր եւ իր գրութիւնը կարդաց Թագւոր Մակատիս) սրտի խօսքերը։ Ելnյթները վերջացան Վարդան Գերապայծառի օրհնnւթեան խօսքnվ։
Մեղք որ ելոյթներու ձայները կը խլանային սեղաններու շուրջ յամեցող խօսակցութիւններու մէջ, մինչդեռ կարեւոր պատգամներ կը հնչէին այդ ելոյթներու մէջ։ Բոլորի խօսքը կեդրոնացած էր վարժարանի պատմական անցեալի, անոր մշակութային եւ կրթական հարուստ ժառանգութեան վրայ։ Խօսողներն ու ներկաները կամուրջներ կը կառուցէին անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ փորձելով վերարժեւորել սերտ կապը, որ վարժարանը երկու հարիւր տարի շարունակ ունեցած է պոլսահայութեան բազմաթիւ սերունդներու ազգային ինքնութեան եւ անոնց մտային դիմագիծի կերտելու մէջ։
Այս յատուկ հաւաքոյթը, որ մէկ կողմէ յարգանքի տուրք էր վարժարանին հիմնադիրներուն ու սերունդներու նուիրումին, միեւնոյն ժամանակ կը թելադրէր նորընձիւղած հարիւրամեակին հիմերը՝ վերանորոգ յանձնառութեամբ եւ տեսլականով։
Յոբելեար դասարանները մեծարելէ առաջ, բեմ հրաւիրուեցան Մարթէն Եորկանցը, Աւետիս Այտընեանը, որ որպէս համակարգող կազմակերպած է ցուցահանդէս մը վարժարանի պատմական անցեալի մասին, նաեւ հայերէնի ուսուցչուհի Վերա Չըքընօղլուն, որ գրի առած էր 200ամեակի քայերգի բառերը։ Անոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ։
Յաջորդեցին օրուայ մեծարեալները։ Անոնք մի առ մի բեմ կանչուեցան, օրը կրկնակի կարեւորութիւն ունէր 40ամեակի, 25ամեակի, նաեւ 1979 տարեշրջանի նախակրթութեան բաժնէն շրջանաւարտ իգական սեռի ներկայացուցիչներու համար։
Ժամը բաւական յառաջացած էր, մասնակիցներու մէկ մասը մեկնած էր, բայց կար ստուար խումբ մը որոնք մոռցած էին անձրեւն ու ցուրտը, սիրտերը լեցուած էին սիրով, դէմքերը՝ ժպիտով, մթնոլորտը՝ խնկալի յուշերով։ Շատեր հերթի մտած էին 200ամեակի պատուանդանի վրայ լուսանկարուելու համար։ Սովորական օր մը չէր որ անցաւ։ Էջ մըն էր, որ գրուեցաւ պատմութեան մէջ՝ ոսկետառ ու անմոռանալի։
200ամեակի «Խաւիծի օր»ը տարբեր էր ո՛չ միայն յոբելեար թուականի, այլ նաեւ այն սրտամօտ ու բովանդակալից մթնոլորտին շնորհիւ, զոր միայն իսկական մխիթարեանցին կրնայ զգալ։ 200-ամեակի այս անմոռանալի գիշերը վառ էջ մը դարձաւ վարժարանի պատմութեան մէջ։
Bu haber marmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (marmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(marmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com