Պաշտօնապէս բացուած է «Միասին» ընկերային ցանցի՝ յատկապէս հայերու համար ստեղծուած հարթակը։ Ան կը միաւորէ նոյն հետաքրքրութիւնները ունեցող հայերը՝ գործարարութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Հարթակը կը տրամադրէ 16 լեզուներով (ուքրաներէն, ռուսերէն, պուլկարերէն, յունարէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ֆրանսերէն եւ այլն) տեղեկատուութիւն, կ'ապահովէ անվտանգ հաղորդակցութիւն եւ հասանելի է գրպանի հեռաձայններու համար։
Հարթակի հիմնադիրն է ֆրանսահայ Վարդան Գաբրիէլեան։ Արդէն արձանագրուած է մօտաւորապէս 5000 օգտատէր։ «Միասին»ը նպատակ ունի երեք տարուան ընթացքին հասնելու մէկ միլիոն օգտատիրոջ՝ դառնալով աշխարհասփիւռ հայութեան միաւորման գործօն հարթակ մը։
https://www.miasin.com/#/