Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ - Հայերէն
20 Mayıs 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մարերի / Օր : Արագած / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

17 Mayıs 2025  

Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ -

Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ

Աստուածաշունչի ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղը երէկ գիտաժողով մը կազմակերպեց՝ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ։ Ֆէնէրի Յունաց վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկաներու շարքին էին քաղաքիս այլ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները՝ ներառեալ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակիցներու շարքին էին Պատրիարքարանի միջեկեղեցական ու միջկրօնական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Գիտաժողովի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Թամար Քարասու, որ նախաձեռնարկ կառոյցի տնօրէնուհին է։ Օրուան տեւողութեան ներկայացուեցան զանազան զեկուցումներ։ Զեկուցողներու շարքին էր նաեւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Եզրափակիչ փուլին ներկաներուն խօսք ուղղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ շեշտեց, թէ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին վրայէն անցած է 1700 տարի, այս ճանապարհորդութեան ընթացքին համաքրիստոնէական եկեղեցին տեսաւ թէ՛ դրականը եւ թէ ժխտականը։ Իր խօսքով՝ այսօրուան իրականութիւնն է, որ աշխարհի վրայ կան հարիւրաւոր քրիստոնէական ճիւղաւորումներ։ «Այս բոլորին մէջ մխիթարական է ներկայ դարուս միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացումը, որու շնորհիւ գոնէ եկեղեցիները կը ջանան հնարաւորինս մօտենալ քրիստոնէութեան հիմնական ուսուցումին՝ սիրոյ եւ կը ձգտին խորացնել փոխյարաբերութիւնները», ըսաւ ան։

Ապա բանախօսներուն եւ մասնակիցներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առնելէ առաջ շրջեցաւ՝ գիտաժողովի կազմակերպուած պատմական վարժարանը, ուր ներկայիս վերանորոգութեան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+