Պատրիարք Հայրը Շնորհաւորեց Քուրանը -
Պատրիարք Հայրը Շնորհաւորեց Քուրանը
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 11 Ապրիլ 2025, Ուրբաթ, ընդունեց Արամ Քուրանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրամանագիրով կազմուած է Պետական Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութեանց Յանձնախումբ մը, որու տասն չորս անդամներէն մէկն է Քուրանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը սոյն պաշտօնին համար շնորհաւորեց Արամ Քուրանը մեծապէս գնահատելով անոր կարեւորութիւնը եւ մեր համայնքի համար ներկայացուցած արժէքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով դարերու ընթացքին Հայ տարրին այս երկրի մշակոյթին ու արուեստին բերած ներդրումին, ըսաւ թէ նախագահական վերին կարգադրութեամբ անգամ մը եւս մեր համայնքի անդամներէն մէկը բերուած է պաշտօնի մը, որ պիտի բերէ իր եւ մեր համայնքի մասնակցութիւնը երկրի մշակոյթի եւ արուեստի կեանքին։ Պատրիարք Հայրը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այս մարզին մէջ համայնքի եւ Պատրիարքարանի ամէն հնարաւոր նեցուկը տալ ապագայի մշակութային ձեռնարկներուն: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Քուրանը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իրեն։
Bu haber ermenipatrikligi kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ermenipatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(ermenipatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com