​Պոլսոյ Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը կը տօնէ իր 200-ամեակը - Հայերէն
22 Şubat 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Մեհեկան / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

16 Şubat 2025  

​Պոլսոյ Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը կը տօնէ իր 200-ամեակը -

​Պոլսոյ Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը կը տօնէ իր 200-ամեակը ​Պոլսոյ Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանը կը տօնէ իր 200-ամեակը

200-ամեակի առիթով, Շաբաթ՝ Փետրուար 8-ին, Բանկալթի Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ:
Պատարագը մատուցեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Առաջնորդ Քերովբէ Վարդան Քազանճեան, ներկայ էին նաեւ Նախկին Հոգեւոր Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Լեւոն Զէքիեան եւ հոգեւորականներ:

Պատարագին ներկայ էին Բանկալթըի Մխիթարեան Հիմնարկութեան Նախագահ Ռաֆայէլ Ալիք եւ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Բանկալթըի Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութիւնը՝ Արսէն Կովանի նախագահութեամբ:

Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան անունով Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Աւագ Հայր Գրիգոր Տամատեան, Ծայրագոյն Վարդապետ Զաքէոս Օհանեան, Աւագ Հայրեր Կորիւն Ֆըներճեան եւ Գէորգ Չինարեան, Մխիթարեան Վարժարանի ուսուցիչներ, Սեւծովեան Տնտեսական Գործակցութեան Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, որոշ եկեղեցական հիմնարկութեանց նախագահներ եւ վարիչներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդ:

Ծայրագոյն Վարդապետ Յակոբոս Չոպուրեան յայտնեց, թէ Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի ձեռնարկները սկսած են եւ տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպուին տարբեր ձեռնարկներ, որոնք պիտի յայտարարուին հասարակութեան:

Քերովբէ Քազանճեան եւս արտայայտեց իր ուրախութիւնը: Պատարագէն ետք, Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հիւրասիրութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Բանկալթըի Մխիթարեան Հիմնարկութեան Նախագահ Ալիք, որ յայտնեց թէ տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ: Հիւրասիրութեան ընթացքին վարժարանի աշակերտները երգեր կատարեցին:






Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+