Հովուական Այցելութիւն Տիգրանակերտի Եւ Էլազըղի Համայնքներուն -
Հովուական Այցելութիւն Տիգրանակերտի Եւ Էլազըղի Համայնքներուն
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 2 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ առաւօտ, մեկնեցաւ Տիգրանակերտ:
Տէր Հայրը Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին քարոզեց նիւթ ունենալով օրուան տօնը՝ Ամենայն սրբոց՝ հնոց եւ նորոց, յայտից եւ անյայտից ու խօսեցաւ սրբութեան գաղափարի մասին: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եուսուֆ Թապաշեան եւ Վօլքան Արատ: Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:
Ապա կատարուեցաւ պաշտօն՝ Էլազըղի մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ:
Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:
Յաջորդ օր՝ 3 Նոյեմբեր 2024, Կիրակի, Տէր Հայրը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպիր Թապաշեան անցան Էլազըղ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Տէր Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին քարոզեց ու խրատեց ուշադիր հսկել մեր կեանքերուն եւ օրինակ ըլլալ:
«Քրիստոնեային գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ մնալ լոյսի մէջ» ըսաւ Տէր Հայրը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպիր Թապաշեան եւ Արման Եաղճը: Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները եւ Ֆրանսայէն հիւրաբար Էլազըղ գտնուող հաւատացեալներ:
Ապա, շիրիմներու միջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:
Տիգրանակերտի եւ Էլազըղի մեր ժողովուրդը Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ բարի եղած է ուղարկել Տէր Հայրը, որ Ս. Պատարագ մատուցելով ու քարոզելով մխիթարած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը:
Տէր Հայրը նոյն օր Էլազըղ մնալէ ետք, յաջորդ առաւօտ վերադարձաւ Հաթայ:
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com