Պոլսոյ մէջ. Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարեցաւ Առաջնորդի իր պաշտօնէն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

16 Ekim 2024  

Պոլսոյ մէջ. Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարեցաւ Առաջնորդի իր պաշտօնէն -

Պոլսոյ մէջ. Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարեցաւ Առաջնորդի իր պաշտօնէն Պոլսոյ մէջ. Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարեցաւ Առաջնորդի իր պաշտօնէն

Պոլսոյ մէջ. Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարեցաւ Առաջնորդի իր պաշտօնէն (Լուսանկարներ)]Ըստ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան եւ որպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու մեծ ընտանիքին մէկ անդամը հանդիսացող՝ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր եւ Առաջնորդ Գերպ. Լեւոն արք. Զէքիեանի հրաժարականը ընդունուած է։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ լրագրող Սագօ Արեանի գրառումէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը

9 Տարուան ծառայութիւնէ ետք Գերպ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան հրաժարած է Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր-Առաջնորդի իր պաշտօնէն։

Գերյ. Հ. Լեւոն արք., որ ատենի մը Վատիկանի ուղիղ ստանձնած էր Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւորի պաշտօնը խորքին մէջ իր պաշտօններէն հրաժարած էր տարի առաջ։ Սրբազան հայրը անսալով եւ ականջալուր ըլլալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոններուն եւ ի լրումն 75 -ամեայ իր վաստակին կատարած էր այդ քայլը ու սակայն բազում պատճառներով անոր առաջնորդական պաշտօնը երկարաձգուեցաւ եւս երեք տարի ու ահա այսօր եկած է պահը, որ Լեւոն արք.ի հրաժարականը պաշտօնապէս ընդունուի։

Կարեւոր աշխատանքներ կատարելով Սրբազան հայրը փորձեց նոր ոգի եւ նոր եռանդ ներդնել Թուրքիոյ Կաթողիկէ համայնքէն ներս իր կողքին ունենալով իր գաղափարներուն եւ աշխատասիրութեան ջատագով նուիրեալ կրօնաւորներ եւ անձնաւորութիւններ։

Սիրուեցաւ իր հօտին եւ համայնքին կողմէ եւ բարձր մակարդակի մը տարաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները, թէ Հայ Առաքելական ՝Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, թէ Հայ Աւետարանական, թէ ալ քոյր եկեղեցիներուն հետ։

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ պետական մարմիններուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն, ապա պաշտօնական Անգարա միշտ ալ մեծ երախտիքով ընդունեց Սրբազանը ու նաեւ բարձր գնահատեց անոր վառ գործունէութիւնը։

Գերապայծառը , որ խորին հաւատացողն է երկխօսութեան, իր ոսկեկուռ խօսքերով եւ քրիստոսաւանդ խոսքով ու գործով արժանին դարձաւ այն սիրոյն ու յարգանքին, որուն արժանի է իւրաքանչիւր նուիրական հովիւ ու առաջնորդ։

Մեր իրականութեան մէջ ուրոյն ստորագրութիւն եւ մտաւորական բարձր անուն հանդիսացող Լեւոն արք. Այս պաշտօնը ստանձնած էր թուականին յաջորդելով Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդութիւնը երկար տարիներ հովուած Յովհաննէս արք. Չոլաքեանին։ Աւարտին անշուշտ լաւատես պէտք է ըլլանք գալիք տնօրինումներով ու քաջավստահ եմ, որ Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր լաւագոյնը պիտի ընէ ու յառաջիկային ալ եռանդուն կառավարիչ մը օժտէ ինծի համար շատ սիրելի Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց դարաւոր համայնքը։





Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+