​Սուրբ Էջմիածնէն Պոլիս - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

04 Ekim 2024  

​Սուրբ Էջմիածնէն Պոլիս -

​Սուրբ Էջմիածնէն Պոլիս ​Սուրբ Էջմիածնէն Պոլիս

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն եւ հանդիսաւոր ջրօրհնէք, որոնք համախմբեցին համայնքի հաւատացեալները՝ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցելէ վերջ վերադարձած է իր Աթոռը։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Աթոռ վերադարձին առթիւ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, սակայն, այս մէկը սովորական վերադարձ մը չէր։ Ուստի, «Հրաշափառ»ի արարողութիւնն ալ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր համայնքի հաւատացեալներուն Սուրբ Էջմիածնէն բերած օրհնութիւնները փոխանցեց։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռքով օծուած Սրբալոյս Միւռոնով Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց հաւատացեալները, նաեւ ջրօրհնէքի ընթացքին Մայր եկեղեցւոյ Աւագ խորանին վրայ նոր օրհնուած միւռոնը օգտագործեց։

«Հրաշափառ»ի արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի՝ ուղեկցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ եւս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերջին արարողութիւններուն մասնակցած էր եւ երէկ ալ կատարեց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի սրուակին վերաբերումը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց խումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Համայնքային բազմաթիւ վարիչներ, կրթական մշակներ եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, պոլսահայ վարժարաններէ սաներ եւս ներկայ գտնուեցան «Հրաշափառ»ի արարողութեան։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր պատգամը, որու ընթացքի կանգ առաւ Սրբալոյս Միւռոնի կարեւորութեան վրայ։ Ան շեշտեց, թէ կան տարրեր, որոնք կը միացնեն հայոց ազգը ու եկեղեցին։ Այդպիսիք են՝ հաւատը, լեզուն եւ եկեղեցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը միութեան խորհուրդի կարեւորագոյն տարրերու շարքին դասեց Սրբալոյս Միւռոնը։ «Մենք Սրբալոյս Միւռոնով եղբայրներ եւ քոյրեր ենք։ Աստուած ոչ մէկ մանուկ առանց միւռոնի թողու», ըսաւ ան եւ մատնանշեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարեւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ ան առաջին քրիստոնէական տաճարն է։ «Մեր ազգը այն առաջին հաւաքականութիւնն է, որուն համար Քրիստոսի իջմամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով, Ս. Տրդատ թագաւորի ձեռնարկով շինուեցաւ աշխարհի առաջին տաճարը։ Այս պատճառով կարեւոր է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ յիշեցուց, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգումն ու ամրակայումը ամբողջ ազգի նուիրատուութիւններով կատարուած են։ Պոլսահայ երկու բարերարներ ալ օժանդակած են այս նախաձեռնութեան եւ այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ շնորհաբաշխում։ Շքանշաններ շնորհուեցան Հայկ Ասլանեանին եւ Արէտ Երկանեանին։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ Նորին Ամենապատուութեան օրհութեամբ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ հոգեւորականաց դասը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ թափօրով առաջնորդեց Պատրիարքարան։ Մինչ այդ, «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հատեց կարկանդակ մը, որ զարդարուած էր Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման խորհրդանշական նկարով։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+