​Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր - Հայերէն
21 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

14 Ağustos 2024  

​Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր -

​Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր ​Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր

Տարուան ամէնէն աւելի արձակուրդային ամիսին` օգոստոսին, դէպքերը, որոնք իրարու կը յաջորդեն, չեն ստեղծեր խուճապային այն մթնոլորտը, որուն վարժ դարձանք անցնող տարիներու ընթացքին: Կազայի մէջ վայրագութիւնները կը շարունակուին, Իրանն ու Հըզպալլան իրենց խոստացած խիստ հակադարձութիւնը չեն կատարեր, Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փակումին հետ մոռացութեան կը տրուի բացման իւրօրինակ արարողութեան գայթակղութիւնը, աշխարհ կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան հանգուցալուծումին, Ուքրանիան կը յաջողի ռուսական հողերու մէջ յառաջանալ, իսկ Ռուսիա անմիջապէս չի հակազդեր, Լիբանան կը սպասէ անորոշ պատահարի մը, որ կ՛ուշանայ եւ այլն, եւ այլն… Ծանրակշիռ դէպքերու պակաս չկայ, սակայն կայ նաեւ հակազդեցութիւններու զգուշաւորութիւն մը, որ փոթորիկէն առաջ կեղծ խաղաղասիրութեան հանգամանք ունի: Մեզի կը մնայ սպասել եւ յուսալ, որ ցուցադրուած զգուշաւորութիւնը ի վերջոյ կը թարգմանուի իրական խաղաղասիրութեամբ:

Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ Հայոց պատմութեան, ներողութիւն` Հայաստանի պատմութեան 8-րդ դասարանի դասագիրքը: 7-րդ դասարանի դասագիրքերուն խեղաթիւրումներուն աղմուկը դեռ չմարած` ահա յաջորդ տարուան դասագիրքը նոր խեղաթիւրումներ կը հրամցնէ Հայաստանի քաղաքացի պատանիներուն: Հիմա կ՛իմանանք, որ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ո՛չ Աղուանիստան գոյութիւն ունեցած է, ոչ ալ աղուան ժողովուրդ. դարեր առաջ, 1918-էն շա՜տ, շա՜տ առաջ, գոյութիւն ունեցած է Ազրպէյճան եւ ազերի ժողովուրդ: Օգոստոս է, արձակուրդ է. տեղեկութիւնը հրապարակուեցաւ, ապա… մոռցուեցաւ: Յուսանք` ժամանակաւորապէս:

Սրբազան պայքարը կը շարունակուի բակային ու մարզային այցելութիւններով, այլազան զեկուցումներով ու հանդիպումներով: Բաւական տպաւորիչ էր երիտասարդական քայլարշաւն ու հաւաքը, որ երկուշաբթի, 12 օգոստոսին փոխարինեց երկուշաբթի օրերու զեկուցական հաւաքները:

Կենցաղային ընթացիկ երեւոյթներուն (մկրտութիւն, ամուսնութիւն, տարեդարձ եւ այլն) մասնակցած եմ միշտ իբրեւ պարտականութիւն, անտարբեր ներկայութեամբ: Մահերը բացառութիւն կը կազմեն, որովհետեւ անդարձ մեկնողի նկատմամբ վերջին յարգանքը նկատած եմ աւելի քան պարտաւորութիւն մը: Երբ հարազատի մը, բարեկամի մը, ընկերոջ մը շիջումը կ՛իմանամ, լուռ եւ երկիւղած վերջին բարեւս կու տամ եւ… երբեմն ալ կը մեղադրուիմ գրաւոր կամ բանաւոր ցաւակցութիւն յայտնած չըլլալու համար: Վերջերս շատցան նման պարագաները, որովհետեւ սերնդակիցներուս տերեւաթափը, առարկայական պատճառներով, սաստկացած է:

Նման մօտեցում սերնդակիցներու նկատմամբ խախտեցաւ, երբ տեղեկացայ Յարութիւն Քիւրքճեանի` իմ ընկեր Յարութի մահուան մասին: Դասընկերներ էինք Նշան Փալանճեան ճեմարանի մեր աշակերտական օրերէն, մտերիմ ընկերներ էինք ու մնացինք աւելի քան վեց տասնամեակ, գաղափարակիցներ էինք ու մնացինք մեր կեանքի ողջ տեւողութեան, նոյն թաղամասը, նոյն քաղաքը կամ տարբեր երկիրներու մէջ, ոչ միայն կապն ու յարաբերութիւնը պահպանուեցան, ընկերութիւնն ու գաղափարական միասնութիւնը աներեր մնացին: Առանց նոյնիսկ խօսելու` Յարութը եւ ես կրնայինք փոխադարձաբար կռահել պատահող երեւոյթներու մասին մեր մտածումը, մեր մեկնաբանութիւնը: Յարութին մահով ինձմէ ալ բան մը կորսուեցաւ ու անհետացաւ:

Քաղաքական ու ազգային նիւթերով գրած յօդուածներուն շարքին այս արտասովոր մահախօսականը թող չզարմացնէ: Օրերէ ի վեր չեմ յաջողիր որեւէ նիւթի շուրջ կեդրոնանալ ու մտորել շաբաթական քրոնիկի մը նիւթին վրայ: Շատ բան գրուեցաւ Յարութիւն Քիւրքճեանի մահուան առիթով, ու ես աւելցնելիք չունիմ անոնց վրայ: Բացի լռութեամբ ու ափսոսանքով աւաղելէ ու ողբալէ կորուստ մը, որ սիրելիի մը մահուան առիթով ցաւի զգացողութենէն շատ աւելին է:

Թող ներեն ինծի ընթերցողներս այս կցկտուր ու աններդաշնակ շարադրանքին համար: Անդարձ մեկնողէն ետք, կեանքը մնացողներուն համար կը շարունակուի եւ սփոփանքի լաւագոյն միջոցը շարունակելն է այն առաքելութիւնը, որ խոր իմացութեամբ ու պատասխանատու յանձնառութեամբ որդեգրած էր Յարութիւն Քիւրքճեանը:






Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+