Մխիթարեանի Մատակարար Մարմինը Երէկ Ժողով Մը Գումարեց Վարժարանի Վերաբերեալ Թէժ Օրակարգին Շուրջ -
Մխիթարեանի Մատակարար Մարմինը Երէկ Ժողով Մը Գումարեց Վարժարանի Վերաբերեալ Թէժ Օրակարգին Շուրջ
Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախատեսուած բարեփոխումներուն զուգահեռ ծնունդ առած խնդրայարոյց կացութիւնը կը շարունակէ հանրային կարծիքը անմիջականօրէն զբաղեցնել։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմինը այժմու թէժ իրադարձութիւններու կիզակէտին է, որովհետեւ գործընթացի շարունակութիւնը կախում ունի անոր վարչական կամքէն։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, մատակարար մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի գլխաւորութեամբ։ Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Ռաֆֆի Ալիքին հետ, որ մեզի ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ Մխիթարեանի խնդրի այժմու փուլին շուրջ։ Ան նախ շեշտեց, որ մատակարար մարմինը երէկուան նիստին վերջնական որոշում մը չէ կրցած առնել։ Ռաֆֆի Ալիք դիտել տուաւ, որ այս փուլին յարմար չեն դատեր ներքին խոհանոցային բոլոր մանրամասնութիւնները հրապարակայնացնելու, նպատակայարմար կը դատեն սահմանափակ տեղեկութիւններ մատուցել հանրային կարծիքին, այլապէս խնդիրները կը խորանան։
«Կրնամ բաւարարուիլ միայն նշելով, որ մատակարար մարմինը երէկ ծաւալուն ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց այս խնդրին առընչութեամբ։ Մեր բոլոր ընկերները ունին իրենց մօտեցումները, նաեւ իրենց վերապահութիւնները։ Բոլորը յարգանքով իրար լսեցին եւ իրարու գնահատականներու ժխտական ու դրական երեսակները սեղանի վրայ դրին։ Մասնաւորապէս նկատի առնուեցան մեր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Սարգիս Սերոբի արտայայտութիւնները։ Մեր մատակարար մարմինը կը գիտակցի այս փուլի լրջութեան եւ կը ջանայ յարմարագոյն լուծումը գտնել, որպէսզի մեր դարաւոր վարժարանի ապագայի ճանապարհին անհրաժեշտ մթնոլորտը ստեղծուի։ Այս պահուն թէեւ վերջնական որոշումներու կամ վերջնական տնօրինութիւններու մասին խօսելու ի վիճակի չենք, բայց եւ այնպէս, կրնամ վստահեցնել, թէ առկայ խնդիրները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի լուծուին», մեզի յայտնեց Ռաֆֆի Ալիք։
Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com