Յիշատակուեցան հայր ու որդի Կարպիս եւ Սեւակ Պալըքչըները -
Յիշատակուեցան հայր ու որդի Կարպիս եւ Սեւակ Պալըքչըները
24 Ապրիլ չորեքշաբթի օր, Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմին վրայ յիշատակուեցաւ հայր եւ որդի Կարպիս եւ Սեւակ Պալըքչը։ Տէր Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆեներճեանի մատուցած հոգեհանգստեան կարգի աւարտին Նոր Զարթօնք հարթակի անունով Ճան Էրզուրումլուօղլու ալ ընթերցեց հարթակի մամլոյ յայտարարութիւնը, աւարտին շեշտելով «Սեւակ քեզ պիտի չմոռնանք» կարգախօսը։ Տարելիցի այս հանդէսին բացի ընտանիքի պարագաներէ եւ Նոր Զարթօնք շարժումի անդամներէ, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութեան պատգամաւոր Ահմետ Շըք։
Ինչպէս յայտնի է Սեւակ Պալըքչը 2011-ի, 24 Ապրիլ թուականին զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կատարած պահուն սպանուած էր մի այլ շարքային զինծառայող Քըվանչ Աղաօղլուի կրակոցով։
Իսկ Կարպիս Պալըքչը 11 տարի այդ սուգով ապրելէ վերջ հրաշքի համազօր զուգադիպութեամբ ինք եւս մահացաւ որդւոյն հետ նոյն օրը։
Bu haber akunq kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (akunq) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(akunq). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com