Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւան - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

04 Mayıs 2024  

Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւան -

Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւան Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցը հոգաբարձութիւնը գլխաւորելու

Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցը հոգաբարձութիւնը գլխաւորելու[Պոլսոյ մէջ կարեւոր զարգացում. Համայնքային գործիչ՝ Փրոֆ. Թորոս Ալճան թեկնածու՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցը հոգաբարձութիւնը գլխաւորելու]Պոլսոյ մէջ համայնքային գործիչ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան նախկին ատենապետ, Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մէջ փոքրամասնական համայնքներու նախկին ներկայացուցիչ, Փրօֆ. Տոքթ. Թորոս Ալճան, պիտի ստանձնեէ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան Ատենապետի պաշտօնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Համայնքային շրջանակներէ ներս սպասումները կը շարունակուին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմի վերանորոգման համար։ Մինչ պաշտօնական մարմիններու կողմէ տակաւին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն խմորումները՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը յառաջիկայ շրջանին ստանձնելու համար։

Այսօր փրոֆ. Թորոս Ալճան խմբագրութեանս տեղեկացուց, որ պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ իր թեկնածութիւնը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան համար։ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած թեկնածուական խումբը յառաջիկայ երկուշաբթի ծանօթացման հաւաքոյթ մը պիտի կազմակերպէ համայնքային շրջանակներուն համար։ Այս առաւօտ Թորոս Ալճան եւ համախոհ ընկերները Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը ունեցած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։ Այդ տեսակցութեան հիման վրայ Ալճանի առաջնորդած խումբը արդէն յառաջիկայ շրջանին կը պատրաստուի նոր թափ մը տալ իր աշխատանքներուն։ Մանրամասնութիւնները, ըստ երեւոյթին, յայտնի պիտի դառնան յառաջիկայ երկուշաբթի նախատեսուած հաւաքոյթէն վերջ։

Ծանօթ է, որ փրոֆ. Թորոս Ալճան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետն է եւ մօտաւոր անցեալին եղած է նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը։





Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+