Օդային Միջանցք՝ Դէպի Հայաստան Ռազմավարական Արտածումներու Համար - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

11 Mart 2024  

Օդային Միջանցք՝ Դէպի Հայաստան Ռազմավարական Արտածումներու Համար -

Օդային Միջանցք՝ Դէպի Հայաստան Ռազմավարական Արտածումներու Համար Օդային Միջանցք՝ Դէպի Հայաստան Ռազմավարական Արտածումներու Համար

Երէկուայ մեր թիւին մէջ կարճ տողերով արձագանգ հանդիսացած էինք կարեւոր լուրի մը։ Հնդկաստան ռազմավարական արտածումներու համար դէպի Հայաստան օդային միջանցք կը բանայ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը սկսած է։

Այսօր մանրամասնութիւններ կը հասնին։ Երկու մեծ ընկերութիւններ հիմնած են միացեալ աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի ամրապնդէ Հայաստհանի ու Հնդկաստանի միջեւ գործընթացը։ Ընկերութիւններէն մէկը՝ Container Corporation of India-ն, մեծ բեռնափոխադրող է. միւսը՝ ՊՀԼ-ը, օդանաւային ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած է. երկուքին բաժնեմասերը կը պատկանին պետութեան։ CONCOR-ը նախօրէին, ընկերային ցանցի «Իքս» պաշտօնական էջին վրայ շնորհաւորեց միացեալ խումբին դէպի Հայաստան կատարած առաջին թռիչքը՝ զայն կարեւոր քայլ մը որակելով Հնդկաստանի համար։ Խումբը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բեռ տեղափոխած է Հայաստան, առանց մանրամասնութիւն նշելու։

Հրապարակուած լուսանկարին մէջ կ'երեւի, որ թռիչքը ռուսական օդանաւային ընկերութիւններէն մէկուն բեռնափոխադրող օդանաւով կատարուած է։
Հայաստանեան «Հետք» համացանցային թերթի կայքը թռիչքներու առցանց ռատարով գտած է, որ օդանաւը Իրանի օդային տարածքով հասած է Երեւան. վերջին եօթը օրերուն, անիկա երկու թռիչքներ կատարած է։

Նախորդ շաբաթ, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ թէ՛ իրանցի իր պաշտօնակիցին, թէ՛ բանակի հրամանատարին եւ թէ նախագահին հետ։

Հայկական կողմը ընդհանուր ձեւակերպումներով հաղորդեց, որ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են՝ առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու։ Հնդկաստան վերջին տարիներուն դարձած է Հայաստանին զէնք վաճառող հիմնական երկիրներէն մէկը։ «Հայաստան ռազմավարական ուղղութիւն է», կը գրեն հնդկական աղբիւրներ եւ կը շեշտեն որ այս քայլերով ոչ միայն երկու երկիրներու առեւտրական կապերը կ'ամրապնդուին, այլ նաեւ տարածքաշրջանին մէջ Հնդկաստանի ազդեցութիւնը կ'աւելնայ։

Ռուսաստանի հետ ձգտեալ յարաբերութիւններու համապատկերին զուգահեռաբար, հայ պաշտօնատարներ դիտել տուին, որ Հնդկաստան եւ Ֆրանսա արդէն դարձած են հիմնական գործընկերներ։ Օրինակի համար Ռուսաստանէն սպառազինութեան ձեռք բերումը 96 առ հարիւրէն իջած է մինչեւ 10 առ հարիւրի։ Ասիկա կը նշանակէ որ Հայաստան կը բազմազանեցնէ իր քաղաքականութիւնը եւ գործընկերներ կը շահի ո՛չ միայն Արեւմուտքէն, այլ նաեւ Ասիայէն։




Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+