​Ֆիտան Սալիվընի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

10 Mart 2024  

​Ֆիտան Սալիվընի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը -

​Ֆիտան Սալիվընի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը ​Ֆիտան Սալիվընի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ Ուաշինկթընի մէջ քննարկած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ մէջ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցը:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կ՛ընդգծէ, որ կողմերը աջակցութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին` ընդգծելով, որ այս ոլորտին մէջ յառաջընթացի ձեռքբերումը վճռորոշ պիտի ըլլայ Կովկասի բարգաւաճման համար:

Սալիվըն եւ Ֆիտան նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Կազայի հարցերը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները, կը նշէ, որ Ֆիտան ընդգծած է Կազայի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Կազա հասցուող մարդասիրական օգնութեան քանակն ալ պէտք է աւելցուի:

Հանդիպումի ընթացքին նշուած է, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը պէտք չէ ձգձգուի եւ պէտք է լուծուի «Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական ամբողջականութեան ծիրերուն մէջ»:

Ֆիտան 7 մարտին Ուաշինկթըն մեկնած է` քննարկելու Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմները, թուրք-ամերիկեան զինուորական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան հարցերը:







Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+