Թուրքիա ապրող 300.000 համշէնցիներուն միակ փափաքն է իրենց մայրենին չկորսնցնել -
Թուրքիա ապրող 300.000 համշէնցիներուն միակ փափաքն է իրենց մայրենին չկորսնցնել
Թուրքիոյ ամենաշատ ընթերցուող ժամանցային կայքերէն onedio.com յատուկ անդրադարձ մը հրապարակած է համշէնցի հայերուն մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով անոնց դիմագրաւած հարցերը, ծագումը եւ աւանդոյթները։
«Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւ-ծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանին:
Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու ցեղային ծագման վերաբերեալ տարակարծութիւնները շատ են, սակայն առկայ են օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, ուր համշէնցիները կը յիշատակուին իբրեւ կրօնափոխ հայեր: Նիւթին մէջ նոյնիսկ կցուած է համշէնցիներուն հայկական արմատները հաստատող արխիւային փաստաթուղթի մը պատճէնը, որ նախապէս հրապարակուած էր «Ակօս» շաբաթաթերթին կողմէ: Յօդուածին հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ այժմ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին կ՛ապրին մօտաւորապէս 300.000 համշէնցիներ: Նշուած են նաեւ անոնց հիմնական բնակավայրները. արդարեւ, արեւելեան համշէնցիները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Արտուինի Խոպա, Քեմալփաշա եւ Պորչկա շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան համշէնցիները՝ Ռիզէի Հեմշին, Չամլըհեմշին եւ Չայէլի շրջաններուն մէջ, որոնք կը կազմեն պատմական բուն Համշէնի տարածքը:
Հայերէն կը խօսին հիմնականօրէն արեւելեան համշէնցիները, այիսինքն՝ Արտուինի գիւղերուն մէջ ապրող մօտաւորապէս 30էն 40 հազար համշէնահայերը:
«Իրականութեան մէջ, անոնց գործածած լեզուն յայտնի է իբրեւ արեւմտահայերէնի բարբառներէն մէկը: Եկէք մէկ կողմ դնենք անոնց հայ կամ թուրք ըլլալը. այս ժողովուրդին միակ փափաքը իրենց մայրենին չկորսնցնելն ու զայն գալիք սերունդներուն փոխանցելն է»,- կը գրէ կայքը:
Յիշեցնենք, որ Համշէնի հայկական բարբառը ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ դասուած է «անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներ»ու շարքին:
Bu haber azator kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com