Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Հաղորդագրութիւնը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Mart 2024  

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Հաղորդագրութիւնը -

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Հաղորդագրութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Հաղորդագրութիւնը

Սիւնհոդոսական Հայրերը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ներկայիս տիրող Միջին Արեւելքի, Սուրբ Երկրի, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող քաղաքական, պատերազմական, տնտեսական, եւայլն, ծանր եւ ճակատագրական վիճակին մասին եւ փորձեցին վճռականօրէն համատեղել իրենց մտքերն ու միջոցները՝ միացեալ եւ թանձրացեալ պատասխաններ գտնելու եւ տալու համար սոյն մարտահրաւէրներուն:

Աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած՝ Հայ Կաթողիկէ զանազան Թեմերու Առաջնորդները, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս, 26 Փետրուարէն մինչեւ 29 Փետրուար 2024, ընթացք տուին Սիւնհոդոսական իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին, ուր՝ մղուած Եկեղեցւոյ ընդհանուր բարիքէն, անոնք առին կարեւոր որոշումներ եւ կատարեցին անհրաժեշտ ընտրութիւններ՝ աշխուժացնելու համար Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը եւ անոր կենսական կառոյցները:

Սիւնհոդոսական Հայրերը խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ներկայիս տիրող Միջին Արեւելքի, Սուրբ Երկրի, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող քաղաքական, պատերազմական, տնտեսական, եւայլն, ծանր եւ ճակատագրական վիճակին մասին եւ փորձեցին վճռականօրէն համատեղել իրենց մտքերն ու միջոցները՝ միացեալ եւ թանձրացեալ պատասխաններ գտնելու եւ տալու համար սոյն մարտահրաւէրներուն:

Պատմական եւ կարեւոր այս հաւաքոյթին՝ տարբեր կարգադրութիւններու կարգին, Սիւնհոդոսական Եպիսկոպոսները որդեգրեցին հետեւեալ կէտերը.

Ա. զարկ տալ եւ նոր հորիզոն բանալ կազմաւորման ծիրէն ներս, ներգրաւելով մասնաւորապէս նաեւ աշխարհական հաւատացեալները որոնցմով միասնաբար վերակենդանացնել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ անոր Հիմնարկները:

Բ. Համակարգուած գործունէութիւն մը վարել՝ աւելի լաւ կազմակերպելով Պատրիարքութեան մշակութային ասպարէզը:

Գ. Հետեւելով մեր ժողովուրդի գաղթին դէպի հեռաւոր երկիրներ, որոշումներ առնուեցան ստեղծելու համար այդ գաղութներէն եւ իրականութիւններէն ներս՝ համապատասխան եկեղեցական եւ իրաւական կառոյցներ, լաւագոյն կերպով ընդառաջելու համար մեր ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական, եւ այլ կարիքներուն:

Դ. Այս ուղղութեամբ, թէ՛ նոր իրաւական կառոյցներուն համար եւ թէ՛ ալ պատմականներուն, ընտրուեցան Առաջնորդներ եւ Պատասխանատուներ՝ որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ստացած են Սուրբ Աթոռի կողմէն հաւանութիւն, մինչ ուրիշներ ընթացքի մէջ են եւ մօտ ատենէն ուրախութեամբ պիտի կարենանք հրապարակել այս անուանումները:

Ե. Սիւնհոդոսի հաւաքման շնորհքի օրերուն՝ բարեպատեհ առիթը ընծայուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սիւնհոդոսական Հայրերուն եւ Քարտուղարութեան անդամներուն հանդիպում ունենալու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ եւ Ան՝ Իր անկեղծ սրտակցութիւնը եւ մերձաւորութիւնը յայտնեց Հայ Ժողովուրդին, մասնաւորապէս այս տագնապալից օրերուն:

Զ. Միեւնոյն Սիւնհոդոսական շրջանին, գեղեցիկ ապրում մը արձանագրուեցաւ երբ Արեւմտեան Եկեղեցւոյ կողմէն հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ պարծանք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հանդիսութիւնը յիշատակուեցաւ 27 Փետրուարին՝ Հայրապետական Սուրբ Պատարագի կատարողութեամբ, Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացելաներու, թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար, ինչպէս նաեւ զանազան Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու եւ գլխաւորաբար՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Գրասենեակի Պատասխանատու անձնաւորութիւններուն ներկայութեան, յատկապէս Անոր Նախագահ՝ Ծիրանաւոր Քլաուտիօ Արքեպս. Կուճերոթթիի որ Իր դիպուկ քարոզով, լուսարձակի տակ առաւ Նարեկացիի հարստութիւնը համայն մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ համար, շեշտելով թէ ան ինչպէս իր քրիստոսավար կեանքով՝ Իր վրայ ստանձնած էր բոլոր մարդկութեան մեղքերը եւ իր աղօթքի միջոցով յաւիտեան միջնորդ ու կամուրջը եղած էր մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ ներումի եւ շնորհքի փոխանցումին:

Է. Սիւնհոդոսը՝ Իր միասնական ճանապարհորդութեան որպէս յաջորդ հանգրուան կամ թուական որոշած է հանդիպիլ 7-11 Հոկտեմբեր 2025 թուականին եւ որու աւարտին նախատեսած է Սուրբ Հոգիի շնորհքներու լիառատ բաշխումը, Հոկտեմբեր 12-ին, Սուրբ Միւռոնօրհնէքի արարողութեամբ:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի








Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+