​Շիշլիի Մարզական Ակումբի Մարզիկներու Յաջողութիւնները Կը Բազմապատկուին - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

20 Şubat 2024  

​Շիշլիի Մարզական Ակումբի Մարզիկներու Յաջողութիւնները Կը Բազմապատկուին -

​Շիշլիի Մարզական Ակումբի Մարզիկներու Յաջողութիւնները Կը Բազմապատկուին ​Շիշլիի Մարզական Ակումբի Մարզիկներու Յաջողութիւնները Կը Բազմապատկուին

Շիշլիի Մարզական ակումբի մարզիկներու յաջողութիւնները կը բազմապատկուին հպարտութիւն պատճառելով վարիչներուն։ Թէ՛ անհատական, թէ խմբային մարզաձեւերու մէջ արդիւնքները ոգեւորիչ են եւ գրաւական՝ ապագայ յաղթանակներուն։

Վոլէյպոլի մարզաձեւի պարմանուհի աստղերը եզրափակիչ խումբի մէջ են։ Աստղերու Բ. խումբն ալ զարգացման լիկը վերջացուց գրաւելով երկրորդ տեղը եւ իրաւունք շահելովհանդէս գալու եզրափակիչ խումբի մէջ։ Մարզիչ Գատիր Աթլըի հսկողութեան ներքեւ, Մարալ Շիմշէք եւ Լարա Տիւվէնճի՝ որպէս թեքնիք խումբի անդամ, յաջողեցան իրենց գործունէութեան մէջ։ Աստղերու խումբին մաս կը կազմեն Անի Պըչաքճը, Ասմին Եըլմազ, Ժուլիանա Վուրալ, Գայրա Մեզետուր, Լեթիսիա Էօզէր, Լորին Գէօյլիւեան, Մերիէմ Տեմիրճի, Միլենա Թոսուն, Նարօտ Արզուման, Նայիրա Չիֆճեան, Օլիվիա Աչըքկէօզ, Սարա-Գարին Եըլտըրըմ, Թալիա Պուլղան, Թալիա Խաչիկօղլու, Թայիս Տողանճըօղլու։

Իրենց աշխատանքի պտուղները կը հաւաքեն նաեւ աթլեթիզմի մարզիկ-մարզուհիները։ Անոնք առանց որեւէ բացառութեան կը հետեւին Հաքան Կիւնարթանի կողմէ մշակուած մարզումներու ծրագիրներուն եւ շնորհիւ բծախնդիր մարզումներու, յաջողութիւններով կը վերադառնան մրցումներէն։ Շիշլիցիները մասնակցեցան Իսթանպուլի նահանգային մրցաշարքին։ Անոնցմէ Աքսէլ Պէշիրեան բարձրացատքի մէջ 1.25 մեթր արդիւնքով լաւագոյնը հռչակուեցաւ, Ռոյ-Լուքա Պաքըրճը 60 մեթր վազքի մէջ 67 մասնակիցներու միջեւ 8րդ տեղը գրաւեց։ Այս պատանիները թէ՛ Շիշլիի ակումբը կը ներկայացնէին թէ՛ իրենց վարժարանը՝ Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանը։

* Պասքէթպոլի մարզաձեւի մէջ եւս յաջողութիւններ կան։ Մինչեւ 14 տարեկաններու խումբը 102-42 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ Եշիլեուրթի մարզական ակումբի խումբին դէմ։
* Ճատրակի առաջին խումբի մարզիկնրեը 3-18 Փետրուարին մասնակցութիւն բերին միջ-ակումբային մրցաշարքի մը եւ 5րդ հանդիսացան, յամառ պայքար մթնոլորտին մէջ։ Մասնակիցներն էին Աքսէլ Սէյահի, Արէս Պոյաճեան, Պէրքայ Էքինճի, Տենիզ Արման, Քերեմ Ալպայրաք, Մուսթաֆա Քըլըճպայ, Էօկիւր Եալըն, Սարվէն Չաքմաք։
* Ֆութսալի խումբը, որ երկու մրցաշրջան իր ձեռքին մէջ պահեց ախոյենութեան տիտղոսը, 2023-2024 մրցաշրջանի վեցերորդ հանգրուանը եւս թողուց իր ետին։
* Մարմնամարզութեան դպրոցը բացուեցաւ երկու շաբաթ առաջ եւ անմիջապէս մեծ ընդունելութիւն գտաւ ընտանիքներուն մօտ։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+