Էրտողան.- «երրորդ Ուժերը Պէտք Չէ Թունաւորեն Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացը» - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

20 Şubat 2024  

Էրտողան.- «երրորդ Ուժերը Պէտք Չէ Թունաւորեն Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացը» -

Էրտողան.- «երրորդ Ուժերը Պէտք Չէ Թունաւորեն Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացը» Էրտողան.- «երրորդ Ուժերը Պէտք Չէ Թունաւորեն Հայ-Ատրպէյճանական Խաղաղութեան Գործընթացը»

Աւանդութիւն է որ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ Նախագահները եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց ընտրութենէն ետք որպէս արտասահմանեան անդրանիկ այցելութիւն, այցելեն Թուրքիա եւ համապատասխանաբար Ատրպէյճան։ Մէկ ազգ, երկու պետութիւն կարգախօսին հաւատարիմ մնալով, Իլհամ Ալիյեւ, ընտրութենէն տասը օր յետոյ Թուրքիա եկաւ եւ Անգարայի մէջ բանակցութիւններ վարեց Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի հետ։

Հանդիպումներու աւարտին, Նախագահ Էրտողան երրորդ երկիրներուն կոչ ուղղեց որպէսզի չխանգարեն Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերը։

«Ղարապաղի գրաւման աւարտով տարածքաշրջանին մէջ կարելիութիւններու պատմական պատուհան մը բացուեցաւ։ Զայն չփակելը շատ կարեւոր է։ Հայաստան պէտք է գնահատէ այս գործընթացը։ Երրորդ կողմերուն կոչ կ'ուղղեմ որպէսզի դրական քայլեր առնեն եւ ո՛չ թէ թունաւորեն գործընթացը», նշեց Էրտողան։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրի կնքումը կրնայ հեռանկարներ բանալ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Խաղաղութեան գործընթացին մէջ միշտ Ատրպէյճանի կողքին ենք, շեշտեց Էրտողան։

Համատեղ ասուլիսը առիթ դարձաւ որ Իլհամ Ալիյեւն ալ իր կարգին անգամ մը եւս հրապարակաւ երախտագիտութիւն յայտնէ Թուրքիոյ՝ Ղարապաղեան հարցին մէջ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ալիյեւ անթաքոյց գոհունակութեամբ խօսեցաւ նաեւ հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին։ «Թուրքիա այսօր մեր տարածքաշրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան երաշխաւորն է», յայտարարեց Ալիյեւ՝ շեշտելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չմոռնայ այն «եղբայրական աջակցութիւնը», զոր Թուրքիա ցուցաբերեց այս հարցին մէջ։ «Երկրորդ ղարապաղեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք՝ մեր առանց այդ ալ զարգացած յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացան», ըսաւ Ալիյեւ, Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային նկատելով յատկապէս ռազմական համագործակցութիւնը։ Խօսելով Ղարապաղի մասին, Ալիյեւ դարձեալ յայտարարեց, որ Ղարապաղի մէջ կատարուած հակաահաբեկչական գործողութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնեց երկրի ինքնիշխանութիւնը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+