Ցաւալի կորուստ -
ՄԱՀ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ՝ ՈՐԴԻՔ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
Տարին լաւ չսկսաւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին համար։ Համայնքային գործիչ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երկարամեայ նախկին թաղական, Թաղային Խորհուրդի նախկին Բ. ատենապետ, Թաքսիմի Մարզական ակումբի վարչութեան երկարամեայ անդամ Որդիք Փափազեան իր մահկանացուն կնքեց յետ երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան։
Գիտէինք որ հիւանդ էր, ընկերային ցանցերու մէջ պարբերաբար ազդեր կը հաղորդուէին արեան տուչութեան մասին, իսկ վերջին շրջանին առողջական վիճակը խիստ վատթարացած էր անյոյս թողլով ընտանիքը եւ անխուսափելի դարձնելով վախճանը։
Ծնած էր 1954ին Պոլիս։ Ուսումը ստացած էր Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մէջ, ապա նետուած էր գործի կեանքի։ «Փէրշէմպէ փազար»ին մէջ հիմնած էր իր սեփական հաստատութիւնը, ուր երկար տարիներէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէր որպէս փորձառու վաճառական։
Որդիք Փափազեան 23 տարի շարունակ անխափան անդամակցած էր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, վարելով Բ. ատենապետի պաշտօնը։ Բաց աստի, եղած էր նաեւ Թաքսիմի Մարզական ակումբի Ատենապետ։ Ամուսնացած էր, ունի որդիներ եւ թոռներ։
Այս անժամանակ եւ ցաւալի կորուստին առթիւ անկեղծ սիրտով կը վշտակցինք իր այրիին, որդիներուն եւ հարսերուն։
Bu haber Normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com