​Միջին Արեւելք. Կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհի մէջ մեծ հրդեհ բռնկուելու գծով - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

22 Ocak 2024  

​Միջին Արեւելք. Կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհի մէջ մեծ հրդեհ բռնկուելու գծով -

​Միջին Արեւելք. Կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհի մէջ մեծ հրդեհ բռնկուելու գծով ​Միջին Արեւելք. Կարդինալ Փարոլին իր մտահոգութիւնը յայտնեց աշխարհի մէջ մեծ հրդեհ բռնկուելու գծով

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի զրոյցը, Հռոմի պատգամաւորներուն պալատին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին

Հռոմի պատգամաւորներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան նախկին վերատեսուչ կարդինալ Աքիլէ Սիլվեսթրինիի նուիրուած միջոցառում, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Այս առթիւ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Վատիկանի Պետական քարտուղարը մեկնաբանելով Կարմիր Ծովուն եւ Էրպիլի մէջ տեղի ունեցած նոր յարձակումները իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ըսելով, «եթէ չձեռնարկուին համաքայլեր հակամարտութիւնները պիտի ընդլայնուին»։

Լուծումը՝ Երկու երկիրներ, երկու պետութիւններ

Խօսելով Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ տեղի ունեցող հակամարտութեան մասին, ծիրանաւորը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի գաղափարը, որ է երկու պետութիւններ եւ երկու ժողովուրդներ ու ընդգծեց երկխօսութեան ճանապարհը գտնելու կարեւորութիւնը, որպէս անիկա իրականացուի։

Յանձնառու ենք Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական հարթութեան համար

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմին Կարդինալ Փարոլին յիշեց Սուրբ Աթոռի ներգրաւուածութիւնը՝ խաղաղ լուծման համար։ « Զէլէնքսիին այսպէս ըսուած խաղաղութեան ծրագիրի տասը կէտերէն մէկը կը վերաբերի մարդասիրութեան, որուն վրայ Սուրբ Աթոռի իր ջանքերը կը կեդրոնացնէ» ըսաւ կարդինալ Փարոլին։

Ներառական եւ ընկերային տնտեսութիւն մը

Տաւոսի մէջ գումարուած համաշխարհային տնտեսութեան ժողովին մասին ակնարկելով Կարդինալ Փարոլին վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին յղած կոչը՝ աշխատելու «ներառական եւ ընկերային տնտեսութեան համար», որ «կանոնաւորուելով հանդերձ տնտեսական չափանիշերուն , չբացառեր ոչ մէկը եւ կողմնակից կ՝ըլլայ զարգացման, անձերուն, խոցելի անձերուն։ Մարդուն ծառայութեան»։ Կարդինալ Փարոլին մաղթեց որ կաթողիկէ արժէքները, ինչպէս կեանքի վերաբերեալ, « կարենան տեղ գտնել այսօրուան քաղաքականութեան մէջ՝ ու թարգմանուին իրականութեան մէջ», ու ապա տեղեկացուց որ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսութեան ժողովին Սուրբ Աթոռի կողմէ կը մասնակցի Ժընեւի մօտ ներկայացուցիչ Սուրբ Աթոռի պատասխանատու, գերապայծառ Էթթորէ Պալէսթրէրօ։

Հալածուած քրիստոնեաները, բոլոր կրօններու յարգանքի իրաւունք

Կարդինալ Փարոլին ապա մեկնաբանեց World Watch List di Open Doors-ի, պատգամաւորներուն պալատին մէջ ներկայացուցած զեկոյցը, ողջ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներուն հալածանքներու վերաբերեալ, ըստ որուն աւելի քան 365 միլիոն անձեր ենթարկուած են բռնութեան, հալածանքներու, իրենց դաւանանքին համար։ Այս առնչութեամբ ծիրանաւորը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի մեծ մտահոգութիւնը նշելով «աշխարհի մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ զրկուած են կրօնային նուազագոյն ազատութենէն, որ իրաւունք մըն է, ինչպէս նաեւ բոլոր կրօններու իրաւունքը։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+