Զէքիեան Գերապայծառը՝ Խմբագրատանս Մէջ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

24 Aralık 2023  

Զէքիեան Գերապայծառը՝ Խմբագրատանս Մէջ -

Զէքիեան Գերապայծառը՝ Խմբագրատանս Մէջ Զէքիեան Գերապայծառը՝ Խմբագրատանս Մէջ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին կը գտնուինք եւ հաճելի բարեդէպութեամբ երէկ կէսօրին սպասուած հիւր մը ընդունեցինք խմբագրատան երդիքին տակ։ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Ժան Աճէմօղլուի այցելեց մեզի, հանդիպում մը ունենալով Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի եւ փոխխմբագրապետուհի Նաիրա Սիւզմէի հետ։

Ամենատարբեր նիւթերու շուրջ «հարուստ» օրակարգով զրոյց մը ունեցանք Վիճակաւորին հետ։ Այն պահերն էին, երբ հաճելին ու օգտակարը իրարու հետ համադրելով, կարծիքի փոխանակումները, զանազան նիւթերու շուրջ տեղեկութիւնները հերթ բռնած էին իրարու հետ ու հանգիստ չէին թողուր մէկզմէկ։

Խօսակցութիւնը մէկ թէմայէն դէպի միւսը կ’երկարէր։ Մեզի համար հետաքրքրական էր տեղեկանալ թէ ներկայիս որո՞նք էին կաթողիկէ համայնքի առաջնահերթութիւնները, ինչպիսի զարգացումներ կային Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի առնչութեամբ, Գերապայծառը ի՞նչ կարծիք ունէր հայաստանեան վերջին զարգացումներու շուրջ, եւլն։ «Պօ-Արաքս»ի շրջագծով Վենետիկի ամառնային խտացեալ դասընթացքներու մասին եւս արտայայտուեցաւ Լեւոն Սրբազան, յատկապէս ընդգծելով որ 37 տարուայ փորձառութեամբ «կայացած» ծրագիր մըն է ասիկա, ուստի պէտք չէ որ ընդհատում մը ունենայ։ Յիշեցնելով որ Եւրոպայի տարածքին բազմաթիւ յայտնի հայագէտներ անցած էին այդ դասընթացքներու «գիտութեան բովէն», ըսաւ որ Աստուծոյ ապաւինելով պիտի շարունակեն ծրագիրը։

Խօսելով քրիստոնէական արժէքներու մասին, ցաւով ընդգծեց որ դժբախտաբար ներկայիս կ’ապրինք շրջան մը, երբ հաւատքը, այսինքն մարդու խղճի ձայնը, փորձութիւններու կ’ենթարկուի՝ եւրոպական այժմեան իրականութիւններու լոյսին տակ։

Վիճակաւորն ալ իր կարգին, հետաքրքրուեցաւ մեր խնդիրներով, նախ եւ առաջ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի որպիսութեամբ։ Ուրախացաւ որ մեր նահապետը արթուն կը պահէ «Յուշատետր»ի սիւնակը ու ընթերցողներու հետ կապը։ Ըսաւ որ կը փափաքէր գոնէ կարճատեւ այցելութիւն մը տալ մեր Խմբագրապետին, եթէ առիթ ստեղծուէր այդպիսի հանդիպման մը համար։

Հաճելի ու բազմաբովանդակ զրոյցի աւարտեցաւ առողջութեան եւ արեւշատութեան, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու մաղթանքներով։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+