Տողերու մէջ ո՞վ է Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

11 Kasım 2023  

Տողերու մէջ ո՞վ է Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն -

Տողերու մէջ ո՞վ է Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն Տողերու մէջ ո՞վ է Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն

13 տարիներ առաջ՝ այս օրուան պէս, Պոլսոյ մէջ, հայ տաղանդաշատ եւ արիասիրտ երիտասարդուհի մը յանդգնութիւնը ունեցաւ հրապարակելու երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը, որ Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգերու առաջին ձայնասկաւառակը՝ «ալպիւմ»ն էր։

Հոն ուշագրաւ էր «Նամակ» երգը, որ հետագային, երգչուհին զայն պիտի վերածէր տեսահոլովակի, եւ որ սփռուելով Թուրքիոյ հեռատեսիլներէն, ոչ միայն պոլսահայութեան սրտին պիտի խօսէր, այլեւ թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր։ Խօսքը, մեր շատ սիրելի Սիպիլին ու անոր անունը կրող «ալպիւմ»ին մասին է։ Ան իր իւրայատուկ ձայնով, ազնիւ հոգիով եւ չքնաղ տեսքով կը շարունակէ հիացնել հայ երաժշտասէր հանրութիւնը ու գրաւել անոնց սիրտն ու հոգին, թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայրենիքի մէջ։ Յիշեցնենք, որ «Նամակ» երգին խօսքը կը պատկանի մեծանուն բանաստեղծ Յ. Շիրազին, իսկ երաժշտութիւնը՝ Մաժակ Թօշիկեանին։

«Արեւելք»ի ընտանիքը կը շնորհաւորէ Սիպիլին եւ յարատեւ վերելք կը մաղթէ անոր։

Տողերու մէջ ո՞վ է Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն

Ծնած է եւ կ'ապրի Պոլիս: Մայրական կողմէ նախնիները Սեբաստիայէն եւ Թոքաթէն են, հօրը ընտանիքը պոլսահայ է: Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է։ Սկսած է փոքր տարիքէն երգել «Սուրբ Վարդանանց» եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ։ Ան հրապարակած է երկու ալպիւմ՝ «Սիպիլ» եւ «Սէր»։ Բացի Պոլիսէն, Սիպիլ համերգներով հանդէս եկած է Սփիւռքի զանազան հայահոծ գաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հայրենիքի մէջ։ Ան ստացած է տարբեր մրցանակներ եւ պարգեւներ։ Սիպիլի նորագոյն տեսահոլովակներն են՝ «Քեզ եմ երգելու», «Վանայ լճին», «Աւրորայի աղօթքը», «Աւետեաց երկիր» եւ «Երգն իմ թեւերն է»։




Bu haber Arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+