Միջեկեղեցական Աղօթք -
Միջեկեղեցական Աղօթք
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական ոգեւոր հանդիպում մը։ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հիւրընկալութեամբ։ Թեմակալ առաջնորդի եպիսկոպոս ձեռնադրուելուն բերումով կազմակերպուած էքիւմենիք հաւաք մըն էր այս մէկը։ Անոնք Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեցին եւ յղեցին ջերմ բարեմաղթութիւններ։
«Բազմաթիւ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն միջեւ ըլլալը կը նշանակէ, որ մենք կը բաժնենք ո՛չ միայն ընդհանուր աշխարհագրութիւն, այլեւ սիրոյ եւ ծառայութեան յանձնառութիւն։ Նման հաւաքները մեզի կը յիշեցնեն, որ մենք թէեւ կրնանք պատկանիլ տարբեր դաւանանքներու եւ ունենալ տարբեր աւանդութիւններ, սակայն մեր հիմնական առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը՝ դրսեւորել Աստուծոյ սէրը աշխարհի մէջ։ Էքիւմենիք կապերու կոչը առաւել հրատապ է հակամարտութիւններով պառակտուած աշխարհէն ներս։ Մեզի յանձնարարուած է ըլլալ խաղաղութեան ճարտարապետներ, միասնութիւն սերմանել մասնատուած աշխարհէն ներս», ըսաւ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան։
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com