Երկրաշարժէ Ազդուած Մեր Համայնքի Անդամներու Թեթեւ Վնասուած Տուներու Եւ Մեր Եկեղեցիներու Նորոգման Գործ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

30 Temmuz 2023  

Երկրաշարժէ Ազդուած Մեր Համայնքի Անդամներու Թեթեւ Վնասուած Տուներու Եւ Մեր Եկեղեցիներու Նորոգման Գործ -

Երկրաշարժէ Ազդուած Մեր Համայնքի Անդամներու Թեթեւ Վնասուած Տուներու Եւ Մեր Եկեղեցիներու Նորոգման Գործ Երկրաշարժէ Ազդուած Մեր Համայնքի Անդամներու Թեթեւ Վնասուած Տուներու Եւ Մեր Եկեղեցիներու Նորոգման Գործընթացի Մասին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրահանգով, գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Կարօ Վռամ Պապայեան 18 Յուլիս 2023, Երեքշաբթի, ցամաքի ճամբով մեկնեցան Հաթայ։ Իրենց պաշտօնն էր Իսկենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆգիւղի մէջ երկրաշարժէ թեթեւօրէն վնասուած բնակարաններու եւ շրջանի եկեղեցիներու նորոգութեան մասին պատկան ծխական խորհուրդներէ տեղեկութիւն քաղել եւ տեղւոյն վրայ զարգացումները դիտարկել։

ԻՍԿԵՆՏԷՐՈՒՆ

6 Մայիս 2023, Շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման Յանձնախումբի ժողովին Իսկենտէրունի մերազն ժողովուրդի թեթեւ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան գործընթացի համակարգման պատասսխանատուութիւնը յանուն տեղւոյն Ծխական Խորհուրդին ստանձնած էր ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։

Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն պատկանող թեթեւ վնասուած ինը տուներու վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած էին 4 Յուլիս 2023ին։ Այդ ընթացքին աւարտեցաւ ինը տուներէ վեցին նորոգութիւնը։ Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան տեղեկացուց, որ մնացեալ երեք բնակարաններու նորոգութիւնը պիտի աւարտի 28 Յուլիս 2023ին։ Անհատական հանդիպումներու ընթացքին բնակարաններու տէրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին կատարուած աշխատանքի կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին թէ մեր համայնքէն եւ թէ արտասահմանէն հասած օժանդակութեանց համար։

Երկրաշարժէն ծանր վնաս կրած Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ վերակառուցման համար Վաքըֆներու Շրջանային Տնօրէնութեան եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ներկայացուած դիմումներու ընթացքին ծագած հարցերը Բարձր Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի եւ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանի ջանքերով եւ տնօրէնութեան հետ կատարուած բանակցութիւններու աւարտին լուծուեցան եւ գործընթացի շարունակութիւնը ապահովուեցաւ։

ՔԸՐԸՔԽԱՆ

Քըրըքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կիսաւեր եկեղեցւոյ շէնքի մնացորդացը երկրաշարժի ընթացքին բոլորովին փուլ եկած էր։ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ռաֆֆի Քափլան փլատակներու վերացման աշխատանքի մասին տեղեկութիւն ստանալէ յետոյ, նկատի ունենալով յիշեալ կառոյցի որպէս մշակոյթի կալուած արձանագրուած ըլլալու պարագան, իսկոյն միջամտած եւ տեղեակ պահած է Վաքըֆներու Շրջանային Տնօրէնութիւնը, Գաւառապետութիւնը եւ Քաղաքապետութիւնը ու դադրեցնել տուած է աշխատանքը որպէսզի յառաջիկային նոր հարցերու դուռ չբացուի։

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂ

Թեթեւ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան մասին, 6 Մայիս 2023, Շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման Յանձնաժողովի նիստին, գործընթացի համակարգման եւ իրականացման պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին Եկեղեցու Ծխական Խորհուրդը եւ ՀԱՅՃԱՐ Միութիւնը։ Նոյն Միութեան Ատենապետ Նազար Շիկահեր հաստատեց, որ տարուած աշխատանքներու պիւտճէի ծրագրաւորումը 28 Յուլիս 2023ին իր վերջին փուլին պիտի հասնի եւ թեթեւօրէն վնասուած բնակարաններու վերանորոգման ընդհանուր արժէքը պիտի փոխանցուի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին։

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափարի, անդամներէն Միսաք Հերկելի, Յովհաննէս Զուռնաճըի եւ Ճան Շիրինի մասնակցութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին տրուած տեղեկութեանց համաձայն՝ եկեղեցւոյ երկրաշարժի պատճառաւ ծանրօրէն վնասուած վարչական շէնքը քանդելու եւ վերակառուցելու համար, Ծխական Խորհուրդը հանդիպումներ ունեցած է պաշտօնական իշխանութիւններու հետ եւ գործընթացը սկսած։ Հաշուի առնելով շրջանի իրավիճակը՝ գործընթացը պիտի տարածուի որոշ ժամանակաշրջանի վրայ։ Վարչական շէնքի մասին զարգացումները հանրութեան պիտի ներկայացուին:

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը որոշած է 29 Յուլիս 2023, Շաբաթ, ժողով կազմակերպել՝ քննարկելու համար երկրաշարժէ տուժած եկեղեցւոյ համայնքի անդամներու կարիքները հոգալու համար կատարուած նուիրատուութիւններու օգտագործման ընթացակարգերն ու սկզբունքները։ Գիւղացիներու մասնակցութեամբ կայանալիք այս հանդիպման ընթացքին ընդհանուրին համամտութեամբ ընդունելի որոշումներու մանրամասնութիւնները հանրութեան պիտի հաղորդուին ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ 6 Մայիս 2023ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած ժողովի ընթացքին նշած էր, երկրաշարժէ վնասուած Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար հարկաւոր նիւթականը ապահովուած էր Պատրիարքական Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ։ Վերաշինութեան գործընթացը պիտի համակարգուի Պատրիարքական Աթոռոյ, Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի եւ գիւղի բնակիչներու համագործակցութեամբ։ Գործընթացի մանրամասնութիւններու մասին յառաջիկայ օրերուն պարբերաբար տեղեկատուութիւն պիտի տրուի։

Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափար և խորհրդի անդամներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին յառաջիկայ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի վերաբերեալ գաղափարի փոխանակումներ ունեցան։ Նկատի ունենալով առկայ իրավիճակը՝ թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ թէ Ծխական խորհրդի համատեղ փափաքն ու որոշումն է, որ մեր հինգ տաղաւարներէն Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնախմբութեան նախագահէ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Նկատի առնելով երկրաշարժի գօտիի պայմանները՝ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ հանդիսութիւնը կատարուի սահմանափակ մասնակցութեամբ։

ՄԱԼԱԹԻԱ

6 Մայիս 2023, Շաբաթ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած Վերակառուցման Յանձնախումբի ժողովին, երկրաշարժէ տուժած Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի բնակութեան վայրի պատրաստութեան գործընթացի համար կազմուած էր յանձնախումբ մը, որու անդամներն էին Մալաթիա Հայտէր Միութեան ատենապետ Կարապետ Օրունէօզ, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Կարպիս Էվեափան։ Աշխատանքի համակարգման եւ պատասխանատուութեամբ պաշտօնը ստանձնեց Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ մայիսին տարածաշրջան կատարած այցելութեամբ զօրակցեցաւ պաշտօնական իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններու ձեռնարկած յանձնաժողովի աշխատանքին։

Ծրագրի համակարգող Գէորգ Էօզգարակէօզ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ Մալաթիոյ մէջ յատկացուած տարածքի վրայ մեր համայնքի երկրաշարժէ տուժած անդամներու առժամեայ բնակութեան համար կառուցանելի բնակարաններու շինութիւնը սկսած է։ Ծրագրի ընթացքը կը շարունակուի առանց խոչնդոտի։ Տեղական իշխանութիւններ, նաեւ համայնքի անդամներ կը շարունակեն աջակցիլ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+