Հայաստան 400 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Արցախահայութեան - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

21 Temmuz 2023  

Հայաստան 400 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Արցախահայութեան -

Հայաստան 400 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Արցախահայութեան Հայաստան 400 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Արցախահայութեան

Բեռնատարները անցան հայկական սահմանը բայց կանգնած մնացին Լաչինի միջանցքի սկզբնամասին

Երէկ կէսօրին 400 մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած տասնեակներով բեռնատարներ ճամբայ ելան դէպի Արցախ։ «Մարդասիրական օգնութիւն Լեռնային Ղարապաղին, սնունդ կեանքի համար»։ Այսպիսի գրութիւններով եւ մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած երկու տասնեակ բեռնատարները երեկոյեան ժամերուն հասան մինչեւ Կոռնիձոր։ Ակնկալութիւնն այն է որ ռուս խաղաղապահները արցախցիներուն փոխանցէին օգնութիւնը, բայց արդէն տասը ժամ անցած է եւ ռուսերը դեռ... կը բանակցին Ատրպէյճանի հետ։

Բեռնատարները շարուած են Լաչինի կամուրջին մօտ բայց...։ Ռուսական լրատուամիջոցները կը գրեն որ խաղաղապահները իբրեւ թէ կը բանակցին եւ կը փորձեն համոզել որ Ատրպէյճան արտօնութիւն տայ ու մարդասիրական օգնութիւնը հասնի արցախահայութեան։ Միայն թէ հոս երկու տարբերակ կայ։ Կա՛մ այն է որ ռուս խաղաղապահները կը վախնան ատրպէյճանցի զինուորականներէն, կա՛մ երկուքն ալ դէմ են որ այդ օգնութիւնը հասնի ղարապաղցիներուն։ Եթէ նկատի ունենանք Մոսկուայի եռակողմ բանակցութիւնները, կարելի է ենթադրել որ Ռուսաստան հայկական կողմին վստահեցուցած էր որ օգնութիւնը անպայման պիտի հասնէր ղարապաղցիներուն, ատոր համար է որ Հայաստան որոշեց այդպիսի օգնութիւն մը ղրկել, բայց յետոյ, Ատրպէյճան չթողուց որ Ռուսաստան միջնորդ հանդիսանայ ու բեռը հասցնէ Ղարապաղ։

Պաքուի արձագանգը
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անմիջապէս արձագանգեցին եւ հայկական կողմը մեղադրեցին առանց իրենց հետ համաձայնութեան Արցախ բեռնատարեր ուղարկելու յանցանքով՝ «Մարդասիրական բեռ»ի անուան տակ։ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը եղածը նկատեց «ոտնձգութիւն» եւ «իր հողային ամբողջականութեան» հանդէպ «սադրանք»։ «Այս սադրանքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի յայտարարութիւնները՝ «տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական լարուած իրավիճակին մասին», ոչի՛նչ են, բացի ձեռնածութիւններ եւ անօրինական գործողութիւնները շարունակելու այս երկրի մտադրութիւնը», ըսուեցաւ ատրպէյճանական կողմի յայտարարութեան մէջ։
* Եւրոմիութեան դիտորդները հետեւեցան բեռնատարներու գնացքին։

Եւրոմիութեան դիտորդական խումբի ղեկավար Մարքուս Ռիթըր Սիւնիքի մէջ, Լաչինի միջանցքը տանող ճամբուն վրայ հետեւեցաւ բեռնատարներու ընթացքին։ Բեռնատարներու շարասիւնը արդէն հասած էր Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ, Հակարիի կամուրջին հարեւանութեամբ, երբ անոր մօտեցաւ Եւրոմիութեան չորս ինքնաշարժներէ բաղկացած դիտորդական առաքելութեան շարասիւնը։ Ռիթըր նշեց, թէ տեղեակ են, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ'ուզէ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Արցախ։ «Մենք եկանք հոս՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, որպէսզի տեղւոյն վրայ հետեւինք իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ինչպէս դուք, մենք նոյնպէս չենք գիտեր՝ ատրպէյճանական կողմը պիտի արտօնէ՞, որ մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող բեռնատարները անցնին Լաչինի միջանցքով եւ մտնեն Լեռնային Ղարապաղ։ Ինչ ալ տեղի ունենայ, մենք հանգամանօրէն այդ մասին կը գրենք մեր զեկոյցին մէջ», յայտնեց Ռիթըր։ Ան դիտել տուաւ, որ իրենք մնայուն կերպով մշտադիտարկում կը կատարեն Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին, բացառաբար քաղաքացիական բնոյթի դիտարկումներ։ Պարբերաբար կ'այցելեն այն սահմանամերձ բնակավայրերը, որոնք կը գտնուին հակամարտութեան գօտիի անմիջական հարեւանութեամբ։ Իրենք զեկուցում կՖուղարկեն Պրիւքսէլ՝ տեղի ունեցածին մասին։ »Մենք կ'աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կը նպաստենք այդ ուղղութեամբ Եւրոմիութեան ջանքերուն։ Այդ մեր հիմնական առաքելութիւնն է», ըսաւ Ռիթըր։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+