​Ervab Հերթական Անգամ Քննարկեց Պոլսահայ Կրթական Համակարգի Հրատապ Հարցերը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

20 Temmuz 2023  

​Ervab Հերթական Անգամ Քննարկեց Պոլսահայ Կրթական Համակարգի Հրատապ Հարցերը -

​Ervab Հերթական Անգամ Քննարկեց Պոլսահայ Կրթական Համակարգի Հրատապ Հարցերը ​Ervab Հերթական Անգամ Քննարկեց Պոլսահայ Կրթական Համակարգի Հրատապ Հարցերը

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ համայնքային վարիչները հերթական անգամ անդրադարձան պոլսահայ կրթական համակարգի հրատապ հարցերուն։ Դռնփակ ժողովէն առաջ ճշդուած էր օրակարգի երեք նիւթ։ Առաջին՝ մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու ամսաթոշակները, երկրորդ՝ համայնքային վարժարաններու պիւտճէի բացերը եւ երրորդ՝ անոնց շէնքերուն երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութիւնը։ Մինչ այդ, ժողովականները ԹՎՄ-ի համար ընտրեցին նոր ատենադպիր մը՝ այդ պաշտօնը վստահելով Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուին։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, նորընտիր ատենադպիրը յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխատի նաեւ ԹՎՄ-ի համար նոր քարտուղարութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ երէկուան դռնփակ ժողովը յաջորդեց՝ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնածաւալ խորհրդակցութեան, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էր վարժարաններու միութիւն մը ստեղծելով, անոնք առանցքի մը շուրջ համախմբելով վարչական ներդաշնակութիւն ապահովելու գաղափարը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան ժողովին ընթացքին ալ այդ մասին կատարուած է արժեւորում մը։ Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուած է, որ այդպիսի նախաձեռնութիւն մը տեղի ունեցած էր նաեւ մօտաւոր անցեալին եւ այդ ժամանակ որոշ վերապահութիւններ յառաջացած էին պաշտօնական հարթութեան վրայ, ուստի, այժմ ճիշդ չի համարուիր նոյն խնդիրներուն բորբոքուիլը։ Իր կարգին, ԹՎՄ-ի փոխ-ատենապետ եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ ժողովականներուն նկատառման յանձնած է Պատրիարքարանի խորհրդակցութեան ժամանակ քննարկուած ծրագրին շուրջ իր գնահատականները։ Ան յարաբերաբար աւելի լաւատես հեռանկարի մը մեկնաբանութիւնը մատուցած է։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երէկուան դռնփակ նիստի վերաբերեալ լսումներուն լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, թէ համայնքային վարիչներու շրջանակներէն ներս այս հարցն ալ միանշանակ չ՚ընկալուիր, իսկ թըր-քահայ կրթական համակարգի ծով խնդիրներու լուծման եզրերը միշտ կը մնան հարցականի տակ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ ամփոփ գիծերու մէջ իր մօտեցումները բաժնեց մեզի հետ։ Ան ըսաւ.

«Երէկ մենք դարձեալ քննարկեցինք մեր դպրոցներու խնդիրները։ Դժբախտաբար, անոնք սպառելու վրայ են։ Այսօր մեր գրեթէ բոլոր դպրոցները՝ ներառեալ ամենահայահոծ թաղերու կրթօճախները, ծով կարիքներու մէջ են։ Տարիներէ ի վեր մեր կողմէ կատարուած զգուշացումները նկատի չեն առնուած եւ կրթական համակարգը բարեփոխելու ուղղեալ մեր կոչերը թողուած են անարձագանգ։ Հիմա բոլորի ակնկալութիւնն է, որ Ազգային հիւանդանոցը հոգայ դպրոցներու կարիքները։ Ընդհանուր տնտեսական վիճակը այնքան ծանրացած է, որ այսօր հիւանդանոցն ալ հազիւ ինքնաբաւ հաստատութիւն մը ըլլալով կը գոյատեւէ՝ քանի անոր ընթացիկ ծախսերն ալ բարձրացած են անհամեմատօրէն։ Մեր բոլոր հաստատութիւններուն ընթացիկ եկամուտները պիտի նուազին յառաջիկայ շրջանին։ Չմոռնանք, որ գնաճը աննկարագրելի տոկոս մը կը կազմէ եւ որեւէ ձեւով հնարաւոր չէ համայնքապատկան կալուածներու վարձքերը նոյն համեմատութեամբ բարձրացնել։ Երբ որ այդ յաւելումները գնաճի թափէն աւելի ցած կը մնան, ապա սա կը նշանակէ, որ կորուստները եւ անկումը անխուսափելի կը դառնան։ Մեր բոլոր վարիչ ընկերները կը մտածեն միայն օրը փրկելու մասին։ Ապագայի վերաբերեալ հաշուարկներ, դժբախտաբար, չկան։ Թէեւ ամէն մարդ ինքզինք կը մտածէ, սակայն նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարողանայ ինքզինք փրկել։ Մինչ այդ, ի մտի պէտք է ունենանք, որ եթէ մեր վարժարաններու շէնքերու պարագային երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան անհրաժեշտ մասնագիտական տեղեկագիրները չունենանք, ապա յառաջիկայ շրջանին անոնցմէ ոմանց վերաբացուիլն ալ պիտի վտանգուի»։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+