Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով -
Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական մաղթանքի կատարումով:
Վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական մաղթանք կատարեցին` ընթերցելով աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ ու մաղթելով երկար գահակալութիւն վեհափառ հայրապետին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռին:
Յաւուր Պատշաճի Քարոզ
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան իր յաւուր պատշաճի քարոզը նուիրեց վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 28-ամեակին ու միաբանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն եւ բարեմաղթութիւններուն թարգմանը դարձաւ` «ակա՛նջ դիր, Տէ՛ր, իմ աղօթքիս, նկատի՛ առ բարձրաձայն խնդրանքներս» հայցելով Տիրոջմէն:
Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ սոյն կիրակին կրկնակիօրէն օրհնեալ եւ երջանկալից է, որովհետեւ Ս. պատարագի խորհուրդին եւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի մարմնով եւ արեամբ հաղորդուելու կողքին` Հայրապետական մաղթանքով կը նշենք վեհափառ հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը: «Սաղմոսին բառերը մեզ կը հրաւիրեն, ինչպէս Հայրապետական մաղթանքին մէջ քանիցս յիշեցինք, փառք տալու Աստուծոյ, որ մեզի շնորհած է այսպիսի հովուապետ մը, եւ, թարգմանը դառնալով մեր միաբանութեան եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` կը մաղթեմ, որ Աստուած միշտ ծաղկեալ պահէ վեհափառ կաթողիկոսին Հայրապետական գաւազանը, որպէսզի քաջառողջութեամբ եւ ծով համբերութեամբ շարունակէ իր հովուապետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը` մեր ժողովուրդի զաւակներուն բարօրութեան համար», մաղթեց ան:
Առ այդ, սրբազան հայրը հակիրճ կերպով ընդգծեց վեհափառ հայրապետին ծառայութեան քանի մը յատկանշական երեսները: Ան ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետը այն հոգեւոր սերմնացանն է, որ միայն բարի սերմ կը ցանէ մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ, իսկ հայկական սփիւռքի վերակենսաւորման համար կատարած իր հովուապետական այցելութիւնները փաստ են այն ճշմարտութեան, որ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախանձախնդիր է կազմակերպ հայ քրիստոնէական կեանքի շարունակութեան եւ վերածաղկման:
Իր քարոզին մէջ Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը նշել կը նշանակէ անդրադառնալ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած առիթներուն ու շնորհներուն եւ այդ բոլորը խոր գիտակցութեամբ դնել վեհափառ հայրապետին տրամադրութեան տակ, որպէսզի մեր հաւաքական կեանքը ամէն տեղ եւ ամէն բնագաւառի մէջ տկարութիւն եւ թուլութիւն չունենայ:
Յատուկ Տօնակատարութիւն`
Վեհարանի Դահլիճին Մէջ
Յաւարտ Ս. պատարագին, հայրապետական թափօրն ու հաւատացեալները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սանուց կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:
Յանուն միաբանութեան ուղերձ կարդաց Ս. Աստուածածին վանքի վանահայր Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեան: Ան անհուն ուրախութիւն եւ խոր բերկրանք արտայայտեց վեհափառ հայրապետին` կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով: Հայր սուրբը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ այս առիթին համար, մանաւանդ որ Արամ Ա. կաթողիկոսին ճամբով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ բացուեցաւ վերանորոգուած ճանապարհ մը, ուրկէ ոգեղէն զգացութեամբ կրկին անցան մեր սուրբ հայրերն ու հերոսները, եւ եկեղեցին ապրեցաւ վերաթարմութեան շրջան:
Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեան ըսաւ, որ, Անթիլիասը երկրորդ հայրենիք դարձնելով` վեհափառ հայրապետը ընդարձակեց ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական գանձերուն տանող ուղին եւ հայրենիքը ամէնօրեայ ներկայութիւն դարձուց մեր կեանքին մէջ: Անոր հայրական եւ հայրապետական խրատներն ու թելադրանքները անպակաս էին այս ուղղութեամբ:
Հայրապետական Պատգամ
Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ իր բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց քարոզիչ սրբազանին եւ հայր սուրբին ազնիւ ու գեղեցիկ խօսքերուն համար եւ ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուող Հայրապետական մաղթանքը, հայրապետին անձէն ու գործէն անդին, նաեւ ուղղուած է հայրապետութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հայրապետն ու հայրապետութիւնը տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ խօսիլ հայրապետին մասին կը նշանակէ խօսիլ հայրապետութեան մասին եւ` փոխադարձաբար, ուստի այս առիթ է նաեւ ինքնաքննութեան եւ հրաւէր` մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ դերին վերաշեշտաւորման, մանաւանդ ներկայ օրերուն:
Այս ըսելով, վեհափառ հայրապետը ակնարկ մը նետեց ներկայ հայ կեանքի իրականութեան վրայ` քանի մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարելով: Ան միասնականութեան եւ համախմբումի կոչ ուղղեց համայն հայութեան, յատկապէս Արցախի ներկայ կացութեան դիմաց եւ ըսաւ, որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է յոյս ներշնչել եւ փարոս ու ճանապարհ դառնալ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Աւելի՛ն, ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կոչուած է Արցախի տխուր իրականութեան դիմաց լուռ չմնալու, այլ` իր ձայնը բարձրացնելու ազգային եւ միջազգային բնագաւառներուն մէջ` մեկնելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս սրտի ցաւով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ տեղ-տեղ ծագած անտարբեր կեցուածքներուն ու պառակտումներուն, ինչպէս նաեւ արժէքներու նահանջին մասին` զանոնք նկատելով անընդունելի: Մեր եկեղեցին կոչուած է կարեւորութեամբ շեշտելու արժէքներու կենսական ներկայութիւնն ու ներգործող ուժը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ եկեղեցին ժողովուրդի տագնապներուն դիմաց անտարբեր չի՛ կրնար մնալ. «Եկեղեցւոյ տեղն ու դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մայր էջին վրայ է եւ մեր հայրենիքը յուզող հարցերուն նկատմամբ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ` ընելի՛ք պէտք է ունենայ, միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ»:
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս դիտել տուաւ մարդուժի պակասի խնդիրը, մանաւանդ ղեկավար դիրքերու վրայ, եւ հրաւիրեց բոլորը իրատեսութեամբ, իրապաշտութեամբ եւ համապարփակ ոգիով մօտենալու հարցերուն: «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ պիտի շարունակէ` իր կոչումին հաւատարմութեամբ իբրեւ եկեղեցի, իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ: Մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր հայրենիքին հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի անսասանութեան ի խնդիր», վստահեցուց ան:
Հայրապետական պատգամին յաջորդեց «Կիլիկիա» օրհներգը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը արտասանեց պահպանիչ աղօթքը, եւ «Հայրապետական մաղթերգ»-ով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:
Յայտնենք նաեւ, որ Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com