Հաքարիի Անցակէտի Ամբողջական Փակումէն Տասը Օր Յետոյ Միայն՝ Միայն Ծանր Հիւանդներ Տեղափոխուեցան Երեւան -
Հաքարիի Անցակէտի Ամբողջական Փակումէն Տասը Օր Յետոյ Միայն՝ Միայն Ծանր Հիւանդներ Տեղափոխուեցան Երեւան
Արցախը Ամբողջական Պաշարման Ու Շրջափակման Մէջ Է։ Հայաստանը Արցախին Կապող Լաչինի Միջանցքի Սկզբնամասին Մէջ Ատրպէյճանական Կողմը Անցակէտ Մը Դրած Է Հաքարիի Կամուրջին Վրայ, Տասը Օր Առաջ Ալ Հոն Արգելապատնէշներ Դրուեցան Ու Վերջնականապէս Խզուեցաւ Կապը։
Անցակէտի Ամբողջական Փակումէն Տասը Օր Ետք, Միայն 25 Յունիսին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Վերսկսաւ Արցախէն Հայաստան Ծանր Հիւանդներ Տեղափոխել։ Երկու Օրուան Ընթացքին, 31 Հիւանդներ Տեղափոխուեցան Երեւան, Անոնց Հետ Նաեւ Ընկերակիցներ։
Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներու Տարածած Տեսանիւթերէն Կ'երեւի, Թէ Ինչպէ՛ս Անցակէտի Ատրպէյճանցի Ծառայողները Մանրակրկիտ Կերպով Կը Խուզարկեն Ինքնաշարժները, Կը Ստուգեն Քաղաքացիներու Փաստաթուղթերը։ Տակաւին Յստակ Չէ, Թէ Արդեօք Ռուսական Խաղաղապահներո՞ւն Ալ Արտօնուած Է Անցակէտով Ելեւմուտք Կատարել։
Ըստ Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան Հաղորդումին՝ Բազմաթիւ Հիւանդներ Տակաւին Իրենց Կարգին Կը Սպասեն Արցախ Երթալու, Նաեւ՝ Հակառակ Ուղղութեամբ։ Անցակէտի Փակ Ըլլալուն Պատճառով, Շաբաթ Օր Ռուս Խաղաղապահները Ուղղաթիռով Մէկ Տարեկան Արցախցի Փոքրիկն Մոնթէն Երեւան Տեղափոխեցին։ Ան Ծայրայեղ Ծանր Վիճակի Մէջ Է. Ան Աւելի Կանուխ Պէտք Է Տարուէր Երեւան, Սակայն Ճամբաներուն Փակ Ըլլալուն Պատճառով Ձգձգուեցաւ Անոր Տեղափոխութիւնը։
Երեւանի «արաբկիր» Հիւանդանոցէն Յայտնեցին, Որ Փոքրիկին Մօտ Դրական Յառաջընթաց Կայ։ Տակաւին Յստակ Չէ, Որ Հաքարիի Անցակէտը Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ինքնաշարժներուն Դիմաց Բանալու Քայլը Ինչի՛ Արդիւնք Է, Պաշտօնական Ոչինչ Հաղորդուեցաւ։
Ըստ Արցախի Մարդու Իրաւուքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ Պաքուն Այս Քայլին Դիմած Է Միջազգային Զանազան Կեդրոններու Ճնշման Իբրեւ Արդիւնք։
Անցակէտը միջազգային կազմակերպութեան ինքնաշարժներուն համար բանալու որոշման նախորդեց 24 Յունիսին Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավարին հանդիպումը։ Ճէյհուն Պայրամով եւ Տրականա Խոճիչ, ինչպէս հաղորդեց պաշտօնական Պաքուն, քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Կարմիր Խաչի համագործակցութեան հարցերը, Լաչինի ճանապարհին առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպութեան աշխատանքը։ Նոյն հանդիպման Պայրամով նաեւ առաջարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան «օգնելու համար» օգտագործել Աղդամ-Ստեփանակերտ ճամբան։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com