Համայնքային Վարժարաններու Մասին Խորհրդակցական Ժողով -
Համայնքային Վարժարաններու Մասին Խորհրդակցական Ժողով
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, 22 Յունիս 2023, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ համայնքային վարժարաններու մասին խորհրդակցական ժողով մը գումարուեցաւ։
Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կայացած հանդիպումին մասնակցեցան Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, յանուն Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Ստանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, համայնքային վարժարաններ խնամող խնամակալութեանց եւ թաղային խորհուրդներու ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ եւ վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ։
Նիստը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։
Գաղափարներու եւ կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ մեր համայնքային վարժարաններու կրօնագիտութեան եւ հայ լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան եւ իրենց ուսման մակարդակի բարձրացման, միջվարժարանային համակարգման յանձնախումբի մը կարիքին ու կազմութեան, համայնքային վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի տոկունութեան քննութիւններու վերջին կարգավիճակին մասին։
Ներկաներ այս նիւթերու շուրջ իրենց գաղափարները յայտնեցին, որոնց աւարտին Պատրիարք Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ գնահատեց իրենց տարած աշխատանքը։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com