​Էրտողանի Երդման Արարողութեան Կը Մասնակցի Նաեւ Փաշինեան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

03 Haziran 2023  

​Էրտողանի Երդման Արարողութեան Կը Մասնակցի Նաեւ Փաշինեան -

​Էրտողանի Երդման Արարողութեան Կը Մասնակցի Նաեւ Փաշինեան ​Էրտողանի Երդման Արարողութեան Կը Մասնակցի Նաեւ Փաշինեան

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողանի այսօրուան երդման արարողութեան առթիւ Թուրքիայէն պաշտօնապէս հրաւէր մեկնած է Հայաստան։ Ուստի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա՝ այս հրաւէրին ընդառաջ։ Յետմիջօրէի ժամերուն Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը ժամանէ Թուրքիա։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ կը գտնուի Հանրապետութեան վերընտրեալ նախագահ Էրտողանի երդման արարողութեան։ Երեւանեան կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ կը նախատեսուի նաեւ Փաշինեանի եւ Էրտողանի երկկողմանի հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան թէ՛ Թուրքիա-Հայաստան եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Նիկոլ Փաշինեանի ուղեկից պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին գծով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Անգարայի մէջ պատուիրակութեան կը միանայ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն կը բերէ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն համար նախատեսուած պաշտօնական ընթրիքին։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+