Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմինը ներկա8ացուց հնգամսեաց ելմտական տեղեկագիրը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

27 Mayıs 2023  

Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմինը ներկա8ացուց հնգամսեաց ելմտական տեղեկագիրը -

Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմինը ներկա8ացուց հնգամսեաց ելմտական տեղեկագիրը Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմինը ներկա8ացուց հնգամսեաց ելմտական տեղեկագիրը

Մխիթւսրեան վարժարանի նորընտիր Մատակարար Մարմինը հւսււսքոյթ մը կազմակերպեց վարժարանի դահլիճին մեջ։ Հրաւէրներ ուղղուած էին Թւսղւսյին Խորհուրդներուն, Մխիթարեան ընտւսնիքի անդամներուն, անոնց բոլորին հրապարակային եւ թափանցիկ ձեւով՝ ելմտական տեղեկագիրը պարզելու եւ համայնքի ուշադրութեան յւսնձնելու նիւթական այն լուրջ խնդիրները, որոնց հետ դէմ յանդիման մնացած Են Մատակարար Մարմնի անդամները։ ԱյոՀ, նիւթական լուրջ տագնապ մը կայ վարիչներու ուսերուն վրայ Եւ հաւանաբար ատոր համար է որ Մատակարար Մարմինը այժմ ճամբայ կը փնտռէ իրաւական լուծումներով եւ օրէնքի կարելիութիւններու չափով սրբագրելու համար վնասները։

Երէկուայ հրապարակային ասուլիսին ներկայ էին Մատակարար Մարմնի բոլոր անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի, Մխիթարեան վանատան երկու հայրերը՝ Գերյ. Սարդիս Ծ. Վրդ. էրմէն եւ Ցւսկովբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, Մատակարար Մարմնի նախկին Ատենապետ Տօքթ. Արման Գամառ,նւսեւ Մխիթարեան ընւուսնիքի անդամներ Եւ զանազան թաղերու վարչայիններ։ Ներկայացուած պատկերին անդրադառնալէ առաջ, յիշեցնենք որ Մխիթարեան Վանատան պատկանող կալուածապատկան հողերուն վրայ շինութիւն իրականացնելը 2009-2010 թուականներուն հրատապ հրամայական մը դարձած էր, ստիպողութիւն էր այդպիսի որոշում մը ընդունիլը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ էր օտարման (իսթիմլաք) հարցը եւ շատ մեծ էր հաւանականութիւնը այն բանի, որ այդ տարածքը կրնար իյնալ օտարման տակ՝ ճանապարհաշինութեան ծրագիրներու պատճառով։ Ուրեմն համայնքապատկան այդ հողատարածքը «փրկելու» համար է որ նախկին վարչայինները ձեռնարկած էին տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գործառնութիւններու, սակայն ակնկալութիւնները «զոհը» դարձած էին անցանկալի իրականութիւններուն, երկրի տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակով պայմանաւորուած զարգացումներուն։

Ողջունելի է նորընտիր Մատակարար Մարմինը, որուն Ատենապետը Ռաֆֆի-ժոզէֆ Ալիք թափանցիկ ձեւով ներկայացուց իրենց աշխատութիւնները, հաստատուած յանձնախումբերը, որոնք իրենց գործունէութեամբ օգնական կը հանդիսանան Մատակարար Մարմնի գործունեութեան, յանձնում-ստացումի գործընթացը, որ տեղի ունեցած է 23 Փետրուարին փաստաբանի մը ատենագրութեամբ, յետոյ ելմտական պատկերը, կարճաժամկէտ եւ Երկարաժամկէտ պարտքերը, որոնք կը հասնին միլիոնաւոր տոլարներու, կալուածներէն ստացուած վարձքերը, որոնք փոքր համեմատութիւն կը կազմեն Եւշատ հեռու Են պարտքերը գոնէ մասամբ թեթեւցնելու նպատակէն։

Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Մատակարար Մարմնի խորհրդատու Օննիկ Փէշտիմալճեան, որ ստորագրուած փաստաթուղթերու Եւ համաձայնութիւններու ժամանակագրութիւնը ներկայացուց հաւաքոյթի մասնակիցներուն, ցոյց տալու համար թէ ուրկէ՞ ծնունդ առած էր սխալ գնացքը։

Ըստ իրեն, թէեւ շինութեան ընկերութեան հետ ստորագրուած պայմանադիրը եղած է 45– 55 տոկոս յարաբերակցութեամբ եւ նպատակը եղած էշահութաբեր դարձնել համայնքին մնացած կալուածը, բայց իրականութիւնները չեն արդարացուցած ակնկալութիւնները։ Եղած են կամայ-ակամայ թերացումներ, յատկապէս հողատարածքին վրայ պանդոկ կառուցանելու Եւ այդ պանդոկին միջոցաւշահ ապահովելու տեսակէտէ։

Ներկայացուեցան յատակագիծեր՝ ցոյց տալու համար թէ ո՞ր տարածքը տրուած եր համայնքին եւ ո՞ր մասը կարելի էր աւելի շահութաբեր դարձնել։ Մասնաւոր անդրադարձ եղաւ «Պոյնէր» ընկերութեան հետ ունեցած համաձայնութիւններուն, այդ պայմանագրերը չեղեալ նկատելու ժամանակագրութեան։ Պանդոկը, գլխաւոր թնճուկն է, որովհետեւ, ըսւո ներկայացուած պատկերին, դեռ երկար ժամանակ պիտի չկարենայ շահ ապահովել համայնքին։ Կան նաեւ տարածքներ, զորս կարելի էր աւելի շահեկան ձեւով արժեւորել, բայց այդպէս չէ եղած։ «Մասնագիտական եզրակացութիւններ չեն կցուած իրաւական փաստաթուղթերուն եւ համաձայնագրերուն, մինչդեռ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող պայմանագրերու համար պայման է այդպիսի մօտեցում մը», ըսաւ Պր. Փէշտիմալճեան, որպէս գլխաւոր թերացումնկատելով այս մէկը, քանի որ յետագայ բոլոր խնդիրները այդ եզրակացութիւններու բացակայութեան պատճառով ծնունդ առած ու ելմտական տեսակէտէ դժուար վիճակի մատնած են Մատակարար Մարմինը։

Ընդհանուր կացութիւնը ա՜յս է։ Տրուած բացատրութիւններէն ետք ներկաներ հարցումներ ուղղեցին իրավիճակը յաղթահարելու ուղղութեամբ քայլերու մասին լուսաբանութիւններու ակնկալութեամբ։

Մատակարար Մարմնի նախկին Ատենապետ Տօքթ. Արման Գամառ ներկայ էր։ Ան խօսք խնդրեց ու բեմ ելլելով պատմեց որ այդ տարիներուն ուղղակի ուրիշ ելք չունէին, կա՜մ պէտք է կորսնցնէին հողերը, կա՜մ պիտի երթային այդպիսի քայլի։ Խօսքը 2010-2015 թուականներու մասին է. այդ տարիներուն պայմանները տարբեր էին, պանդոկները «կը ծաղկէին», ամէնէն մեծ շահը պանդոկներէ կուգար, իրենք ալ այդպիսի կալուած մը շահեցնել ուզած էին, բայց յաջորդող տարիներու տնտեսական վիճակը, տոլարի դիմաց թրքական լիրայի արժեզրկումը, կամայ-ակամայ գործուած թերացումները բերած-հասցուցած էին այս վիճակին։ Ան անընդունելի նկատեց իր եւ իր գործակիցներու հասցէին հնչած մեղադրանքները, ըսելով որ գործած էին ա՜յդ օրերու ստիպողութիւններով։

Տօքթ. Գամառին ալ հարցումներ ուղղուեցան, քննադատութիւններ հնչեցին կարգ մը մասնակիցներուն կողմէ, պնդուեցաւ որ պանդոկը նուազագոյնը 40 տարի ոչ մէկ շահ պիտի ապահովէ, եւլն։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Մատակարար Մարմնի քայլերու ճամբու քարտէսը։ Ասիկա գլխաւոր հարցն էր, ուստի այս ուղղութեամբ իրաւական գետնի վրայ է որ պիտի յստականան ծրագիրները եւ գործունեութեան յաջորդ փուլերը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+