Չաւուշօղլու Կը Յայտնէ Հայաստանի Համար Թուրքիոյ Օդային Տարածքի Փակման Պատճառը -
Չաւուշօղլու Կը Յայտնէ Հայաստանի Համար Թուրքիոյ Օդային Տարածքի Փակման Պատճառը
Թուրքիան հայկական օդանաւային ընկերութիւններու դէպի երրորդ երկիր թռիչք կատարող օդանաւերուն համար փակած է իր օդային տարածքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Մենք փակած ենք Հայաստանի համար օդային տարածքը դէպի երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային օդանաւեր պիտի արտօնենք մեր երկիր, սակայն պիտի չարտօնենք օդանաւերու եւ սեփական օդանաւերու մեր տարածքէն անցնիլը, քանի տակաւին կը շարունակուին սադրանքները», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլու «սադրանքներ» ըսելով նկատի ունի վերջերս Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող աղբիւր-յուշակոթողի բացումը: Յուշարձանին վրայ գրուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918-ի Պաքուի հայերու ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հերոսներու անունները:
«Մենք չենք ընդունիր նման սադրանքները: Ի պատասխան ահաբեկիչներու յուշարձանի բացման, Թուրքիան փակած է երկինքը հայկական օդանաւերուն համար: Բացառութեան կարգով մենք արտօնութիւն տուած ենք Հայաստանի խորհրդարանի նախագահի Թուրքիա այցելութեան համար: Եթէ նման քայլերը շարունակուին, ապա պիտի հետեւին նոր քայլեր», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com