Քրեմլին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Համաձայնութիւնները Այլընտրանք Չունին» -
Քրեմլին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Հետ Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Համաձայնութիւնները Այլընտրանք Չունին»
Մոսկուան Պաքուի եւ Երեւանի հետ Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ համաձայնութիւնները կը նկատէ այլընտրանք չունեցող: Այս մասին «Իզ» կայքին համաձայն լրագրողներուն ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք պատրաստ ենք ողջունելու կողմերու որեւէ քայլ, որ կրնայ յանգեցնել լարուածութեան թուլացման եւ պիտի նպաստէ ռուս-ազրպէյճանական-հայկական եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման հետագայ յառաջընթացին:
«Այս եռակողմ համաձայնութիւնները այժմ լուծման միակ իրական, իրատեսական հիմքն են, հետեւաբար մենք բոլոր կէտերուն իրականացման ուղղութեամբ յառաջընթացը կը նկատենք այլընտրանք չունեցող եւ անհրաժեշտ բոլորին համար», ըսած է ան:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com