Զախարովա. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ» - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

14 Nisan 2023  

Զախարովա. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ» -

Զախարովա. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ» Զախարովա. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Համաձայնած Են Հանդիպիլ Ռուսիոյ Մէջ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը ընդունած են Ռուսիոյ մէջ հանդիպելու առաջարկը` քննարկելու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը: Յստակ ժամկէտները պիտի յայտարարուին, երբ ամէն ինչ վերջնականապէս համաձայնեցուած ըլլայ, նշած է ան:

«Մեր ջանքերը չեն թուլնար` բազմակողմանիօրէն աջակցելու համար Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին նախապատրաստելու խաղաղութեան համաձայնագիրը այդ երկիրներուն միջեւ», ըստ «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է Զախարովա:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յառաջիկայ հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չյայտնեցին, բանբերը միայն նշեց, թէ նախարարի այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն մասին պատշաճ ժամկէտին կը տեղեկացնեն:

Զախարովա նախանցեալ օրուան զինեալ ընդհարման մասին ըսած է, թէ տեղի ունեցածը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է փոխադարձաբար զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ անշեղօրէն հաւատարիմ մնան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններուն:

Անոր համաձայն, նախանցեալ օրուան միջադէպի շրջանին մէջ գտնուող Ռուսիոյ զինուած ուժերու եւ սահմանապահներու ներկայացուցիչները անյապաղ կապուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններուն հետ եւ լարուածութիւնը թուլացնելու միջոցներու ձեռնարկած են:




Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+