​Արցախի Մէջ Քննարկուեցան Ռուս Խաղաղապահներուն Հետ Համագործակցութեան Ուղղութիւնները - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

06 Nisan 2023  

​Արցախի Մէջ Քննարկուեցան Ռուս Խաղաղապահներուն Հետ Համագործակցութեան Ուղղութիւնները -

​Արցախի Մէջ Քննարկուեցան Ռուս Խաղաղապահներուն Հետ Համագործակցութեան Ուղղութիւնները ​Արցախի Մէջ Քննարկուեցան Ռուս Խաղաղապահներուն Հետ Համագործակցութեան Ուղղութիւնները

5 Ապրիլին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի նորանշանակ ղեկավարին եւ աշխատակազմի անդամներուն մասնակցութեամբ:

Այս մասին յայտնեց Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

Քննարկուեցան խաղաղապահներուն հետ համագործակցութեան ուղղութիւնները, աշխատանքի կազմակերպման եղանակները, կեդրոնի իրաւասութեան վերաբերող հարցերուն վերաբերող որոշումներ տալու սկզբունքները եւ մօտեցումները եւ գործունէութիւնը իրաւական կարգաւորման ենթարկելուն վերաբերող հարցեր:

Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին, որ դիտել տուաւ, թէ ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՛ընեն իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ՝ Արցախի բնականոն կենսագործունէութիւնը ապահովելու համար: Անոնք կ՛աշխատին նոյնիսկ բարդ պայմաններու մէջ, երբ Լաչինի միջանցքը փակ է:

«Մեր խաղաղապահներուն դերը կարեւոր է թէ՛ բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման եւ թէ կացութեան սրման փորձերը կանխելու համար: Դուք լաւ գիտէք, թէ ինչպէ՛ս կը գործեն խաղաղապահները: Այս մասին տեղեկատուութիւնը մնայուն կերպով կը հրապարակուի: Անոնց դերին կարեւորութիւնը կ՛ընդունի նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», աւելցուց Քոփիրքին:





Bu haber asbarez kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (asbarez) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(asbarez). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+