​Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

01 Nisan 2023  

​Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին -

​Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին ​Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ գիշեր փակած են Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին: Այս մասին հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:

Արդէն պատրաստ է փակուած ճամբան շրջանցող` Սիւնիքի մարզի Տեղ-Կոռնիձոր արահետային նոր ճամբան, որ կը միանայ օգոստոս 2022-ին շահագործման յանձնուած նոր` Կոռնիձոր-Հին շէն ճամբուն (Բերձորի միջանցքին): Տեղ-Կոռնիձոր նշեալ ճամբու Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կուպրապատման աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Տեղ-Կոռնիձոր արահետային ճամբան երթեւեկելի է եւ, հաշուի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, ատով կարելի է իրականացնել Արցախի մարդասիրական մատակարարումները ռուս խաղաղապահներուն եւ Միջազգային կարմիր խաչի յանձնախումբին կողմէ: Այդ ճամբան, ի դէպ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանին` Հագարի գետի կամուրջին մօտ կը վերահսկուի ռուս խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ:

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերէն ի վեր ազրպէյճանական կողմը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշիի հատուածը: Եւ արդէն 109-րդ օրն ըլլալով Արցախի բնակչութիւնը զրկուած է արտաքին աշխարհի հետ կապէն:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Բերձորի նոր ճամբուն գործարկման պատճառով, շարք մը տիրական բարձունքներ, հիմնական ու երկրորդական ճամբաներ, ինչպէս նաեւ սահմանի երկայնքին ընդարձակ տարածքներ առնուած են ազրպէյճանական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+