​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

25 Mart 2023  

​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. -

​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. ​Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մեծ Պահքի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի Գալստեան եւ կը յիշատակուի Քրիստոսի առաջին եւ երկրորդ Գալուստը:

Տիրոջ առաջին գալուստը շնորհի ու ողորմութեան համար էր եւ եղաւ մեղմ, ծածուկ, հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ:

Յիսուս Քրիստոս յանձն առաւ խաչելութեան անարգ մահը, բայց կրկին պիտի վերադառնայ ահեղ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:

Տիրոջ երկրորդ գալստեան օրը անյայտ է մարդոց համար. «Այն օրուայ եւ ժամի մասին ոչ ոք գիտէ, ո՛չ երկինքի հրեշտակները եւ ոչ ալ Որդին, այլ միայն Հայրը»:

Իր երկրորդ գալստեան մասին Քրիստոս ըսաւ. «Զգո՛յշ եղէք, գուցէ մէկը ձեզ խաբէ, որովհետեւ շատերը կու գան իմ անունով ու կ՛ըսեն, թէ` ես եմ Քրիստոսը, եւ շատերը կը մոլորեցնեն: Պիտի լսէք պատերազմներու ձայներ եւ պատերազմներու լուրեր…: Ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ եւ թագաւորութիւն` թագաւորութեան դէմ, եւ պիտի ըլլան սով, համաճարակ ու տեղ-տեղ` երկրաշարժներ: Սակայն այս ամէնը սկիզբն է երկանց…: Եւ բազում սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն, եւ անօրինութեան շատնալով` շատերու սէրը պիտի ցամքի: Բայց ով մինչեւ վերջ համբերեց, ան պիտի փրկուի»:

Քրիստոսի երկրորդ գալուստը նկարագրուած է Աւետարանին մէջ. «Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեգակը կը խաւարի, եւ լուսինը այլեւս չի փայլիր. աստղերը կ՛իյնան երկինքէն, եւ երկնային մարմինները կը սասանին: Ապա Մարդու Որդիի նշանը կ՛երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կ՛ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերու վրայ բազմած` զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Եւ երբ մեծաձայն փողը հնչէ, Ան իր հրեշտակները կ՛ուղարկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն` երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը»:

«Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց
արթուն կը գտնէ Տէրը, երբ գայ»:

Շարական Գալստեան կիրակիի

Որ զխորհուրդ Քո գալստեանդ
Յառաջագոյն գուշակեցեր,
Մարգարէիւքն Իսրայէլի,
Զորս ընտրեցեր յետ Մովսէսի.
Որք խօսեցան Հոգւով Սրբով,
Բազմապատիկ օրինակօք:
Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն,
Եւ զմեղաց զթողութիւն:
Ի մերձենալ ամաց վերջին,
Զոր տեսանողքն ծանուցին,
Զհասանիլ մեր Փրկողիդ
Առ ի վախճան ժամանակի.
Երեւեցար ի մէջ մարդկան
Զգեցեալ զկերպ ծառայական:
Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն,
Եւ զմեղաց զթողութիւն:
Ի վեցերորդ աւուր զԱդամ
Ստեղծեր ի տիպ Քո տիրական,
Որ ոչ պահեալ զպատուիրանն
Մերկացաւ զպատմուճանն:
Իսկ նոր Ադամդ ի վեց դարուն
Այց արարեր կորուսելոյն:
Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն,
Եւ զմեղաց զթողութիւն:

(Քու գալստեան մեծ խորհուրդը նախապէս յայտնեցիր Իսրայէլի մարգարէներուն, որ ընտրեցիր Մովսէսէն ետք, որոնք Սուրբ Հոգիով խօսեցան բազմապիսի պատգամներով: Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն եւ մեր մեղքերուն` թողութիւն: Երբ մօտեցան այն տարիները, որ կանխատեսները ծանուցեցին, հասար մեզի, ո՛վ մեր Փրկիչ` ժամանակները լրացնող: Երեւեցար մարդոց մէջ, ծառաներուդ հետ ապրեցար:

Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն եւ մեր մեղքերուն` թողութիւն:

Վեցերորդ օրը ստեղծեցիր Քու պատկերով Ադամը, որ չպահեց պատուիրանը եւ կորսնցուց պատմուճանը: Իսկ նոր Ադամդ վեցերորդ դարուն այցելեցիր կորուսեալին: Տո՛ւր մեզ, Փրկիչ, ողորմութիւն եւ մեր մեղքերուն` թողութիւն):

Ըստ աւետեաց մարգարէին,
Որ առ փրկեալքս արեամբ Գառինդ,
Ցնծամք եւ մեք` ծառք անտառի
Ընդ գալուստ Տեառնդ Կրկնակի.
Շնորհեա՛ մեզ, Տէր, ընդ արդարոցն
Ընդ առ ի Քէն տնկեալ ծառոցն,
Այժմ յուսով զուարճանալ
Եւ յԵրկրորդին ընդ Քեզ ցնծալ:
Սմին նման տայ աւետիս
Զաքարիաս Նոր Սիովնի,
Եթէ` ուրա՛խ լեր, ահա գայ
Առ Քեզ խոնարհ եւ հեզ Արքայ.
Նստեալ ի յէշ եւ յաւանակ`
Կրկին ազանց գոլ օրինակ.
Նստեալդ յաթոռ Քերովբէից
Նիստ գթութեամբ ի մեր հոգիս:
Զահեղ փառաց Քոց երեւումն,
Որ լինելոց է յԵրկրորդումն,
Ետես Դաւիթ յառաջագոյն,
Ծանոյց կանխաւ ազդմամբ Հոգւոյն,
Թէ յայտնապէս Աստուած գայցէ.
Հուր առաջի Իւր բորբոքէ.
Յայնժամ, Յիսո՛ւս, ի մեզ խնայեա՛,
Գթա՛, Քրիստոս եւ ողորմեա՛:
Աստուածածի՛ն անհարսնացեալ,
Յերկրէ յերկինս Հարսն ընծայեալ,
Յորժամ բազմիս լուսոյ նման,
Քո Միածնիդ յաջակողմեան,
Յայնժամ մաղթեա՛ ընդ մեր զնոյն`
Փրկել զմեզ յահեղ բոցոյն,
Համադասիլ ընդ արդարոցն,
Երգել քեզ զփառս ընդ երկնայնոցն:

(Մարգարէի աւետիսով փրկուածներս Քու արիւնով, կը ցնծանք իբրեւ ծառ անտառի գալուստովդ, Տէ՛ր, վերստին. շնորհէ՛ մեզի, Տէր, արդարներուդ` Քեզմէ տնկուած ծառերու հետ, այժմ յոյսով զուարճանալ, իսկ Երկրորդին Քեզի հետ ցնծալ: Ասոր նման աւետիս կու տայ Զաքարիան Նոր Սիոնին. ուրա՛խ եղիր, ահա կու գայ դէպի Քեզ խոնարհ եւ հեզ արքան` նստած էշին, աւանակին` օրինակները երկու ազգերու. Քերովբէական աթոռիդ նստածդ, գութով նստիր մեր հոգիին մէջ: Երեւումը ահեղ փառքիդ, որ պիտի ըլլայ Երկրորդ Գալուստիդ, տեսաւ Դաւիթ նախապէս, կանխաւ ծանուցեց Հոգիի ազդումով, թէ յայտնապէս Աստուած կու գայ. հուրը Անոր առջեւէն կը բորբոքի. այնժամ, Յիսո՛ւս, խնայէ՛ մեզի, գթա՛, Քրիստոս, եւ ողորմի՛ր: Աստուածածին անհարսնացեալ, երկրէն երկինք Հարս ընծայուեցար, երբ լոյսի նման բազմիս Միածինիդ աջ կողմը, այնժամ մաղթէ՛ մեր փոխարէն, փրկելու մեզ ահեղ բոցէն, դասելու արդարներու հետ, ձայնակցելու հրեշտակներուն):

Գալստեան կիրակին կը յիշեցնէ, որ Քրիստոս պիտի գայ եւ պէտք է պատրաստուիլ Տիրոջ գալստեան` մեծ համբերութեամբ, աղօթքով, առաքինութեամբ եւ ճշմարիտ հաւատքով. «Պատրաստ եղէք, որովհետեւ այն ժամը, երբ չէք սպասեր, կու գայ Մարդու Որդին»:

Քրիստոս իր առաջին գալուստով եկաւ իբրեւ Փրկիչ, քանդեց դժոխքի կապանքները եւ բացաւ դրախտի դուռերը, իսկ երկրորդ գալուստով մեղաւորները պիտի դատէ եւ արդարները Երկինքի Արքայութեան պիտի արժանացնէ:

***

Գալստեան կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապի յիշատակն է:

Հայ եկեղեցին տարին երեք անգամ կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը. մուտն ի Վիրապ, ելն ի Վիրապ եւ նշխարաց գիւտ:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց Խոսրով Բ. Արշակունի թագաւորը սպաննած եւ յետոյ ինքն ալ հայ իշխաններու կողմէ սպաննուած Անակ Պարթեւի որդին է:

Գրիգոր մեծցաւ եւ կրթութիւն ստացաւ Կեսարիոյ մէջ` դաստիարակուելով իբրեւ բարեպաշտ քրիստոնեայ: Հետագային ան դարձաւ Խոսրով Բ.ի որդի Տրդատ Գ. թագաւորի արքունի դիւանապետը:

Հրաժարելով ենթարկուիլ Անահիտ դիցուհիին երկրպագելու արքայական հրամանին, եւ յետոյ ի յայտ գալէն ետք որ ան արքայասպան Անակի որդին է, Գրիգոր սոսկալի չարչարանքներու ենթարկուեցաւ եւ իբրեւ դաժանագոյն պատիժ` Արտաշատի մօտ գտնուող եւ մահապարտներու համար նախատեսուած Խոր Վիրապի ստորգետնեայ զնտանը նետուեցաւ, կարիճներու ու օձերու կողքին սովամահ ըլլալու համար:

Զրկուած` արեւի լոյսէն, Գրիգոր Խոր Վիրապի մէջ սնանեցաւ միայն աղքատ կնոջ բերած աղքատիկ սնունդով:

Սուրբ Գրիգոր Խոր Վիրապի մէջ տասներեք տարի չարչարուեցաւ եւ անչար հոգիով առ Աստուած բարձրացած աղօթքով յաղթեց մահուան:

Խոր Վիրապի մահուան գուբը դարձաւ լոյսի ճառագայթման ակունք: Սուրբ Գրիգոր հոնկէ բարձրանալով Քրիստոսի լոյսի աւետիսը վարդապետեց հայոց աշխարհին եւ դարձաւ հայ ազգի Լուսաւորիչն ու փրկիչը:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+