​Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յատուկ Խորհուրդի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

19 Mart 2023  

​Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յատուկ Խորհուրդի -

​Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յատուկ Խորհուրդի ​Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յատուկ Խորհուրդի անդամ

Գերյ. Գազանճեանը կը վարէ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը

Կարդ. Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ` 21 Փետրուար 2023- թուակիր հրամանագիրով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը ի շարս այլոց անուանեց, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յատուկ Խորհուրդի անդամ, հինգ տարուան համար։

Գերապայծառ Կուճերոթթիին գիրը
Անուանումը յանձնուեցաւ ձեռամբ Թուրքիոյ Պապական նուիրակ՝ Արհի. Մարէք Արք. Սոլչինսքիի։ Քահանայապետական այս որոշումը, հրապարակուեցաւ այսօր՝ 18 Մարտ 2023-ին եւ Գերյ. Հ. Վարդանին փոխանցուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Նախագահ՝ Արհի. Քլաուտիօ Արք. Կուճերոթթիի կողմէ, որ անուանումին ընկերացող երկտողին մէջ այսպէս կը գրէ. «Ուրախ եմ, որ ձեզի կը յանձնեմ Պետական Քարտուղարի ստորագրութիւնը կրող թուղթը, որով Սրբազան Քահանայապետը ձեզ կը նշանակէ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Ծիսական Յանձնախումբի անդամ, հինգ տարուան տեւողութեամբ։ Դուք պիտի կարենաք Հայ ծիսական աւանդին նպաստել եւ ջանալ որ այս արժէքաւոր աւանդը միշտ աւելի ծանօթացուի եւ խնամուի Կիլիկիոյ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ մէջ»։

Ծիսագիտական կազմաւորման ճամբուն վրայ ուսումնասէր

Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը կը վարէ եւ միեւնոյն ատեն Ժողովրդապետ է Պոլսոյ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ, երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր մասնագիտութիւնը` հայող ծիսական հարցերու։

Այս անուանումին առիթով Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայր Վարդանին հետ, որուն ընթացքին Ան ըսաւ թէ ինք «ծիսագիտական կազմաւորման ճամբուն վրայ ուսումնասէր մըն եմ»։ Նշենք, որ անոր դոտկորական աւարտաճառի նիւթն է՝ «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը, եւ Սուրբ Աթոռի հետ առնչուած հարցերը Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովէն ետք»։


Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան համար աշակերտած է Տոմենիքեան հայրերուն։ Իսկ ծիսական կազմաւորումը ստացած է Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մէջ ամառնային դասընթացքներով, ուր եղած է աշակերտը Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանի, ապա Յիսուսեան Հայրերու Հռոմի Արեւելեան Հաստատութեան մէջ կատարած է Եկեղեցական գիտութիւններու իր առաջին մասնագիտութիւնը՝ ծիսական թեքումով, հոն աշակերտած է Փրոֆ. Ռոպէրդ Թաֆթի եւ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի։

Ան ապա աւարտած է Լիբանանի մէջ Սուրբ Հոգի համալսարանին ծիսական ինստիտուտի ընթացքը ուր նաեւ հետեւած է Աբբահայր Ժան Թապէթի ուղղութիւններուն եւ աշակերտած է Յիսուսեան Քոյր Մարսէլ Հատայայի եւ Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի, եւ ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը։

Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան այժմ կը դասաւանդէ այս նոյն Լիբանանեան Մարոնիթ Միաբանութեան Սուրբ Հոգի Համալսարանին մէջ (USEK), որպէս հիւր դասախօս։ Կը դասաւանդէ նաեւ հեռակայ առցանց դասընթացք, արդէն մի քանի տարիէ ի վեր, Զմմառու Մեծ ընծայարանին ժառանգաւորներու երկու դասարաններուն։

Ծիսական կազմաւորում` ամէն քրիստոնեայ կարիքն ունի առաջնորդութեան

Ան իր այս կամ այլ դասընթացքները կ՛որակէ «ծիսական կազմաւորում» եւ այս առնչութեամբ կ՚ըսէ. «կը փորձենք աշակերտներուն հետ միասին կազմաւորուիլ եւ ծէսը հասկնալ՝ զայն ապրելու համար։ Մեր ջանքը կ՚ըլլայ նաեւ, տեսութենէն դէպի առօրեայ կեանք փոխադրել ծիսական կեանքը»։

Հայր Վարդան, կ՛ աւելցնէ նաեւ թէ, «ամէն քրիստոնեայ կարիքն ունի առաջնորդութեան, հոգեւոր, եկեղեցական բայց նաեւ ծիսական մարզերու մէջ։ Չի բաւեր օրէնքներն ու աւանդութիւնը գիտնալ եւ գործադրել։ Իմաստէն անդին, կարեւոր է օգնել ճանչնալու խորհրդանշանը ապա հանդիպելով Խորհուրդին՝ հաւատալ անոր եւ արտօնել շնորհքին, որ տպաւորէ մասնակցողը եւ լոյս տայ անոր մտքին։ Ծէսին խորհրդածութիւնը եւ ծէսին հանդիսակատարումը մարդուս մտքին լոյս կու տայ եւ ձեռքերուն՝ ոյժ, բարին գործելու համար առօրեային մէջ»։

Շնորհակալութիւն Քահանայապետին

«Շատ տպաւորուած եմ Սրբազան Քահանայապետին այս անուանումէն, Անոր Արեւելեան Եկեղեցիներուն տուած կարեւորութենէն եւ ինծի հանդէպ ունեցած վստահութենէն։ Անոր համար ամէն օր աղօթող եմ» ըսաւ ի միջի այլոց մեր հեռախօսազրոյցին առիթով Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան եւ «Իսկ այժմ ի՞նչ» հարցումին, ան պատասխանեց թէ պիտի սպասէ Ծիսական այս Խորհուրդին Ատենապետի ցուցմունքներուն, որպէսզի հասկնայ աշխատանքին տարածքը։ Ան աւելցուց որ շատ գործ կայ ընելիք, «որպէսզի նախ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր ինքնութիւնը արժեւորէ եւ սկսի այնպէ՛ս աղօթել, որ այդ աղօթածը ըլլայ թարգմանը անոր հաւատքին եւ հաւատքը դառնայ հաւաքական եւ անձնական վկայութիւն»։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+