Այսօր Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Որդեգրեն Հայաստան Նոր Առաքելութիւն Գործուղ -
Այսօր Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Որդեգրեն Հայաստան Նոր Առաքելութիւն Գործուղելու Որոշումը
Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր` 23 յունուարին, պիտի որդեգրեն Հայաստան նոր առաքելութիւն գործուղելու որոշումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան անանուն դիւանագէտ մը «Ազատութեան» յայտնած է. «Անիկա պէտք է նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Բերձորի միջանցքին շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն եւ քայլերու կը ձեռնարկէ կացութիւնը կարգաւորելու համար:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com