​Լուսանկարիչներու Հարթակ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

18 Ocak 2023  

​Լուսանկարիչներու Հարթակ -

​Լուսանկարիչներու Հարթակ ​Լուսանկարիչներու Հարթակ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն խումբ մը լուսանկարիչներ հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւնով մը՝ ստեղծելով «Պոլիս լուսատու» հարթակը։ Այս խմբաւորումը կը նախատեսէ մէկտեղել պոլսահայ արհեստավարժ կամ սիրող լուսանկարիչներ եւ կեանքի կոչել համատեղ նախագիծեր։ «Պոլիս լուսատու»ի ռահվիրաները կը հանդիսանան Պերճ Արապեան, Մկրտիչ Արծիւեան, Տայք Տանձիկ եւ Սարգիկ Կիւրեղ։ Հարթակի առաջին ժողովին աւելի քան 30 լուսանկարիչ հրաւիրուած է։ Շաբաթավերջին նախատեսուած խորհրդակցութեան ընթացքին հարթակի հիմնադիրները տեղեկութիւններ պիտի տան իրենց նպատակներուն ու մանաւանդ՝ ցուցահանդէսի ծրագիրներուն շուրջ։

«Պոլիս լուսատու»ի հիմնադիրները կը ձգտին մէկտեղուիլ այն լուսանկարիչներուն հետ, որոնք նոյն ինքնութիւնը կը բաժնեն՝ անկախ իրենց քարիէրէն, գեղարուեստական որոնումներէն կամ արհեստավարժ ըլլալէն ու չըլլալէն։ Անոնք համոզուած են, թէ պոլսահայ իրականութենէն ներս հնարաւոր է միասնաբար շատ բան ընել, բազում նախագիծեր կեանքի կոչել ու բաժնել բազմաթիւ պահեր։

Այն լուսանկարիչները, որոնք նախաձեռնած են այս հարթակի ձեւաւորման, կը ծրագրեն նաեւ պոլսահայ լուսանկարիչներու միջեւ զօրակցութեան ամրապնդումը։ Անոնք համոզուած են, թէ համատեղ արտադրանքը, փոխադարձ զօրակցութիւնը եւ փորձառութեան փոխանցումը առանձնապէս հաճելի կրնայ դարձնել իրենց լուսանկարչական գործունէութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, պոլսահայ իրականութենէն ներս լուսանկարչութեան արհեստի ուսուցումը, ընդհանրացումն ու զարգացումը կրնայ հաւաքական նպաստներ ապահովել։ Առաջին հերթին պոլսահայ մշակոյթի եւ գեղարուեստական միջավայրի զարգացման իմաստով խրախուսական իրենց բաժինը կրնան բերել լուսանկարիչները, որոնք մեր մշակոյթը, արուեստն ու արուեստագէտները զանազան հարթութիւններու վրայ կրնան ծանօթացնել՝ ներառեալ արտասահմանը։ Աշխատանոցային միջավայրի մէջ աշխատանքներով կարելի է գետին պատրաստել նաեւ երիտասարդ լուսանկարիչներու հասնելուն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+